ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 Դեկտեմբերին հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու պահեստազօրի առաջին խումբի բժշկական կազմի սպաներու զօրակոչ իրականացնելու եւ զօրացրում կատարելու մասին:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
ՀՀ Նախագահի հրամանագիրը.
«Ղեկավարուելով «Զինապարտութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 11-րդ յօդուածի 4-րդ մասով` կ՝որոշեմ.
- 2016 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն իրականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու պահեստազօրի առաջին խումբի բժշկական կազմի` մինչեւ 35 տարեկան սպաներու զօրակոչ` ծառայութեան ժամկէտը սահմանելով երկու տարի:
- 2016 թուականի Դեկտեմբերին զօրացրել սահմանուած ժամկէտին Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցած բժշկական կազմի սպաները:
- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ մտնելէն ետք, երկշաբաթեայ ժամկէտի ընթացքին, ընդունիլ հրամանագիրին կիրարկումը ապահովող համապատասխան որոշում:
- Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն: