Դեկտեմբեր 6-ին, Լեհաստանի Քիելց քաղաքի Ազգային թանգարանի միջմշակութային երկխօսութեան բաժինին մէջ, բացուած է «Հայկական արուեստանոց–մանրուքներու արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսը: Կազմակերպիչն ու նախաձեռնողը թանգարանի պատմութեան բաժինի ղեկավար ու հայ մշակոյթի մեծ սիրահար Պաւէլ Քժեշիկն է:
Ցուցահանդէսին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, ներկայացուած են հայկական մշակոյթը խորհրդանշող ինքնատիպ նմոյշներ` գորգեր, գօտիներ, զէնքեր, հին ձեռագիրներ եւ հայատառ գրութիւններ, ինչպէս նաեւ` հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան նուիրուած լուսանկարներ, որոնք Պաւէլ Քժեշիկ անձամբ նկարած է Հայաստանի մէջ:
Ցուցադրուող նմոյշները հաւաքուած են Քիելցի եւ Քրաքովի ազգային թանգարաններէն, Վարշաւայի Թագաւորական ամրոցէն եւ Ազգային գրադարանէն, ինչպէս նաեւ` Վարշաւայի մէջ Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամէն:
Պաւէլ Քժեշիկի խօսքերով` հայկական պատմութիւնն ու մշակոյթը շատ հարուստ են եւ ինքնատիպ։ Անոնք իրենց ազդեցութիւնը ձգած են նաեւ լեհական մշակոյթին վրայ: «Հայկական արուեստանոց–մանրուքներու արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսով՝ թանգարանի պատմութեան բաժինի ղեկավարը՝ փափաքած է այցելուները հաղորդակից դարձնել հայկական արուեստին ու մշակոյթին:
«Հայկական արուեստանոց–մանրուքներու արուեստը» ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 2017-ի Մարտ 12: