*ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ*
Ս.Յակոբի Տօնն է այս շաբաթ.
«Անունովդ Ապրիս» հին մաղթանքը
Ըսելու պատրաստ էինք ամէնքով՝
Սառած մնաց մեր շրթներուն վրայ,
Փոխարէնը այս առաւօտ
Ողջերթի հրաւէր մը սեւով շրջանակուած
Գուժեց անհաւատալի բաժանումդ
Թողլով այս աշխարհը հին՝
Որոշեցիր միանալ քու սրտի հատոր
Սիրեցեալ Ալիսիդ սիրատոչոր։
Քեզ հետ կը տանիս Երազային Հալէպի
Նոր Գիւղի հայաշատ շրջանի
Գունագեղ ու համով հոտով,
Ապրուած օրերը յետ եղեռնի,
Մտաւորականի գրչէդ սքանչելի
Հեքիաթասացն էիր մեր սիրելի,
Հիմա՝ եթերին մէջ, թեւանցուկ
Կը ճախրէք կապոյտն ի վեր
Ալիս եւ Յակոբ Ադամեաններ։
Ձեռք-Ձեռքի տուած՝ ըլլաք պահապան
Ձեր երկու որդիներուն հրաշալի
Եւ մէկ հատիկ դստեր նազելի
Եւ անպայման թոռնիկներուդ սիրելի։
Ծունկ մը աղօթք, խունկ ու սէր՝
Ձեր երկուքին անմահ յիշատակին։
Նիւ Եորք