Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ գործող «Գայիանէ» երգչախումբը` միանալով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին, 2017-ին իրականացուելիք գործունէութիւնը կը նախատեսէ նուիրել Արցախին:
«Գայիանէ» երգչախումբը հիմնադրուած է 2005-ին Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ: Նախապէս անուանուած է «Vivache»: Քանի որ երգչախումբը կ’երգէր հայկական հոգեւոր երգեր, Սուրբ Գայիանէի անունով 2005-ին վերանուանուած է «Գայիանէ»: Երգչախումբը տարբեր երկիրներու մէջ մրցոյթներու եւ փառատօններու մասնակցած է, ներառեալ` 2013-ի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնին:
Երգացանկին մէջ ներառուած են հայկական երգեր (Կոմիտաս, Եկմալեան, ժամանակակից հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, նաեւ` դասական գործեր):
Երգչախումբին մէջ ընդգրկուած են տարբեր ազգութիւններու եւ տարիքային խումբերու մարդիկ, որոնք մեծ սիրով ու նուիրումով կը յաճախեն երգչախումբի փորձերուն, կը մասնակացին ելոյթներուն: Երգչախումբը 23 հոգիէ բաղկացած մեծ եւ համերաշխ ընտանիք է, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Գայիանէ Կրովերն է: