Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ին, ՀՌԱԿ ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Եկէք ճանաչենք միմեանց» («Let’s Get to Know Each Other») խորագիրով սեմինար:
Սեմինարին մասնակիցներն էին տարբեր մշակոյթներ կրող՝ 15-18 տարեկան սուրիահայ եւ հայաստանցի պատանիներ: Սեմինարը վարող մասնագէտներն էին Ֆաինա Սէյրանեան, Սոնա Մելիք-Քարամեան եւ Վարդի Գոմճեան:
Սեմինարը սկսաւ առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Ծանօթութեան բաժինէն ետք, սեմինար վարողները «Սառոյցի կոտրում» բաժինով, ապահովեցին անծանօթ երիտասարդներու միջեւ աշխոյժ յարաբերութեան հնարաւորութիւն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիպման նպատակի ներկայացումն ու մասնակիցներու կողմէ կանոններու մշակում: Սեմինարի հիմնական ծրագիրը երեք ընդմիջումներով էր, բաղկացած՝ գլխաւոր 3 բաժիններէ՝ խմբային աշխատանք, միջմշակութային հաղորդակցում եւ հակասութիւններու յաղթահարում: Մասնագէտ մարզիչներու (թրէյնըր) կողմէ խաղերու միջոցաւ պատրաստուած ծրագիրը օգնեց պատանիներուն աւելի լաւ պատկերացնելու եւ հասկանալու, թէ ինչպէ՞ս կը կառուցուին յարաբերութիւնները խումբի մէջ, ինչով կը բնութագրուին տարբեր մշակոյթները, ինչէ՞ն կ’առաջանան զանազան անհասկացողութիւնները եւ ինչպէ՞ս կարելի է անոնք լուծել:
Պատանիները իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ հետաքրքիր ու զուարճալի ժամանցի ընդմէջէն հասկցան, որ հայաստանցի եւ սուրիահայ պատանիները մշակութային առումով շատ բաներով իրարմէ կը տարբերին, բայց նաեւ շատ բաներով իրարու նման են: Սուրիահայ թերահասներուն հայաստանեան հասարակութեան մէջ համարկման, իրենց մշակութային եւ կենցաղային առանձնայատկութիւններու բացայայտման եւ տարբեր մշակոյթ կրողներու հետ դիւրաւ շաղուելու նպատակին ծառայող սոյն սեմինարը բարեյաջող ընթացք մը ունեցաւ եւ մեծապէս ծառայեց իր նպատակին, որուն փաստը աշխատանքային օրուան աւարտին եղած ամփոփումն էր, ինչպէս նաեւ մինչ այդ անծանօթ երիտասարդներու միջեւ զգալի ընկերային ջերմ մթնոլորտը:
Նշենք, որ նման սեմինարներ շարունակական բնոյթ պիտի ստանան եւ պիտի իրականացուին տարիքային տարբեր խումբերու համար: