Երէկ առաւօտեան ժամը 11-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն՝ շնորհաւորելու Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը իր գահակալութեան 20 ամեակին առիթով:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին՝ ընկհ. Անի Լաչինեան-Մակարեան, ընկերներ՝ Էտի Պահատրեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ ընկ. Նար Խաչատուրեան:
Վեհափառ Հայրապետը ԹՄՄ պատուիրակութիւնը ընդունեց իր գրասենեակին մէջ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու Հայ ազգը յուզող շատ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը:
Ընկեր Յակոբ Գասարճեան խօսք առնելով վեր առաւ Արամ Ա. Վեհափառի կարեւոր դերը` ազգային եւ միջազգային բեմի վրայ: Ան շեշտեց, որ անցնող 20 տարիները կը վկայեն հայ իրականութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած անզուգական դերին մասին:
ԹՄՄ-ի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Տիրոջ գահակալութեան 20 ամեակին առիթով կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս՝ Վահան Թէքէեան Վարժարան այցելութեան համար:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր կարգին գնահատեց Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը՝ Սփիւռքի հայապահպանման նուիրական գործին մէջ, քոյր միութիւններու շարքին, իր ունեցած կարեւոր դերին համար:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր Վեհափառ Հայրապետէն տեղեկանալու Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներու վերադարձնելու հարցով յարուցուած դատին թեւակոխած հանգրուանին մասին: Վեհափառը համապարփակ ձեւով ԹՄՄ պատուիրակութեան ներկայացուց դատի գործընթացը: Արամ Ա. Ժողովականներուն տեղեկացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հայցով շուտով պիտի անցնի նոր փուլ՝ ան դատ պիտի բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը:
Հանդիպման աւարտին ԹՄՄ անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վեհափառ տիրոջ: