Ներքին Գործոց Նախարար Նուհատ Մաշնուք վերջերս հետաքրքրական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ:
Ան յայտնեց, որ իր նախարարութիւնը պատրաստ չէ, որոշեալ թուականին, ընտրական նոր օրէնքով մը երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնել:
Նման յայտարարութիւն մը Մաշնուքի կողմէ, արդեօք հանրային կարծիքը նախապատրաստել չէ՞ ընտրութիւնները յետաձգելու կամ նախկին՝ 1960-ի օրէնքով ընտրութիւններ կազմակերպելու…:
Երկու պարագաներն ալ նեղի մատնող հանգամանքներ չե՞ն նոր հանգրուանին եւ անոր նախագահ՝ Միշէլ Աունին: