*ԱՂՈՒՆԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ*
Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Ազգային գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ օրեր առաջ Թիֆլիսի Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ կեդրոնական մուտքի այրած դուռը նոյնութեամբ պիտի վերականգնուի:
Այս մասին, Նոյեմբեր 30-ին, տեղեկացուց Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Ազգային գործակալութեան ֆէյսպուքեան (facebook) էջը:
«Յատուկ աշխատանքային խումբ մը ստեղծուած եւ կատարուած է համապատասխան ուսումնասիրութիւն: Մթածմինտայի Կամկեպելին խոստացած է եկեղեցւոյ դրան վերականգնման աշխատանքներ իրականացնել: Առաջին հերթին դրան դէմէն պէտք է հեռացուի երկաթեայ տնակը, որ կը խոչընդոտէ աշխատանքները: Չափումներ կատարուած են եւ կը ճշդուի կրակի պատճառած վնասի չափը: Այրած դրան մնացած տուալները հաւաքելով պիտի վերականգնեն հին դուռը նոյնութեամբ»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Նոյեմբեր 27-ի լոյս 26–ի գիշերը Թիֆլիսի 14-րդ դարու Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ հրդեհ բռնկուած էր, որուն հետեւանքով այրած է եկեղեցւոյ միակ կանգուն պատի երբեմնի կեդրոնական մուտքին դուռը:
Ինչպէս AliQ-ի մեր գործընկերները կը յայտնեն, Նոյեմբեր 27-ին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ աշխատող աշխատակիցներուն հակաճառած է կին մը եւ այրած դրան չէ ձգած մօտենալ, որուն հետ զրոյցին AliQ-ը պարզած է, որ ան անօթեւան է, հրաժարած է եւ պարբերաբար կը հրաժարի պետութեան յատկացուցած հանրակացարանէն, քանի որ այն քաղաքէն դուրս կը գտնուի:
Կինը, (որ չէ փափաքած ներկայանալ) կ’ապրի փլուզուած եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս խոստովանեցաւ ան, հրդեհը, ամենայն հաւանականութեամբ, բռնկուած է իր վառած կրակէն:
«Եկեղեցւոյ տարածքը մաքրած եմ, երեկոյեան կու գամ այստեղ գիշերելու, ջուր կը բերեմ, ուտելիք կը պատրաստեմ: Երեկոյեան կրակ վառեցի ջուրը տաքցնելու համար, յետոյ յանկարծ աչքս փակուեցաւ: Երբ արթնցայ` իրերուս մէկ մասը արդէն այրած էր»:
Վիրահայոց թեմի մամլոյ խօսնակ Սուսաննա Խաչատրեան նշած է. «Վիրահայոց թեմի առաջնորդը վաղ առաւօտեան մեկնած է եկեղեցի եւ անձամբ ծանօթացած իրավիճակին: Ամենայն հաւանականութեամբ, հրդեհի պատճառը տարածքին մէջ ապրող անօթեւան մարդոց անուշադիր վերաբերմունքն է: Հարցը կ’ուսումնասիրուի»:
Խաչատրեան պարզաբանած է նաեւ, որ եկեղեցին ցանկապատուած է, սակայն անօթեւանները կրցած են ինչ որ անցք գտնել եւ ներս մտնել:
Փաստին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ Վրաստանի ՔՕ 118-րդ յօդուածին համաձայն, որ կ’ենթադրէ գոյքի վնասում կամ անուշադրութեան պատճառով գոյքի ոչնչացում:
Յիշեցնենք, որ Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին Վրաստանի յայտարարած վիճահարոյց եկեղեցիներու շարքին է: 2009-էն կիսախարխուլ է եւ կը գտնուի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան հաշուեկշիռին մէջ:
Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգը կառուցուած է 1356-ին: Այն գմբէթաւոր է, եւ բացի մեծ գմբէթէն եկեղեցւոյ երեք անկիւններուն մէջ դուրսէն շինուած եղած են փոքր գմբէթներ, որոնցմէ մէկը ծառայած է որպէս զանգակատուն: Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին 1763-ին յիշատակուած է որպէս Հաղպատի թեմի մէջ մտնող Թիֆլիսի եօթ եկեղեցիներէն մէկը: 1795 -ին եկեղեցին թալանուած է պարսիկներուն կողմէ, բայց շնորհիւ Գրիգոր աւագ քահանայ Տէր-Շմաւոնեանի կարելի եղած է պահպանել եկեղեցապատկան իրերու մէկ մասը: 1852-93 թուականներուն եկեղեցւոյ մէջ կատարուած են մասնակի նորոգութիւններ: Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած են մանկավարժ-խմբագիր Նիկողայոս Խոտորեան, բարեգործ Բարսեղ Յովսէփեան-Խոճայեանցը, եկեղեցւոյ սպասաւորներ: Խորհրդային տարիներուն փակուելով` եկեղեցին վերածուած է ազգագրական թանգարանի, ապա պահեստի, իսկ 1990-ին, որակուելով որպէս վթարային եւ ոչ ենթակայ վերանորոգման, փակուած է վերջնականապէս: Աւելցնենք, որ 19 Նոյեմբեր, 2009-ին եկեղեցին փլուզուեցաւ:
«Հայերն այսօր»