Ֆրանսայի մէջ աջերու եւ կեդրոնամէտներու աջակցող խումբին յաղթած Ֆրանսուա Ֆիյոնի մամուլի քարտուղար Վալերի Պուայէն աղմկայարոյց պատմութեան մը մէջ յայտնուած է:
Ըստ Le Figaro-ի` France 2 հեռուստաալիքը զայն հրաւիրած է` Ֆիյոնի յաղթանակը մեկնաբանելու: Պուայէն լուրերու թողարկման ժամանակ եթեր դուրս եկած է հայկական խաչով շղթայով, ինչ որ համացանցի մէջ բուռն արձագանգի արժանացած է: Ըստ Ֆրանսայի օրէնսդրութեան, կրօնական խորհրդանիշերու հրապարակային ցուցադրութիւնը կ՛արգիլուի:
Համացանցի բազմաթիւ օգտատէրեր Ազգային ժողովի պատգամաւորը մեղադրած են հանրապետութեան օրէնքներն ու աշխարհիկ պետութեան կանոնները խախտելուն մէջ:
Հարկ է նշել, որ այդ օրը Վալերի Պուայէն Ֆիյոնի յաղթանակը մեկնաբանած է քանի մը հեռուստաալիքներով:
France 2-ի տուած հարցազրոյցէն որոշ ժամանակ անց BFMTV-ի եթերով ան արդէն առանց խաչի եղած է: