Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Մայրենի Լեզուի Ուսուցման Խնդիրները ՌԴ Հայ Համայնքներուն մէջ» Թեմայով Համաժողով Ռուսիոյ Մէջ

Նոյեմբեր 28-29 Կրասնոդարի հայոց թեմի առաջնորդարանի «Վարդանեան» կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ «Մայրենի լեզուի ուսուցման խնդիրները Ռուսաստանի Դաշնութեան հայ համայնքներում» տարածաշրջանային համաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։

Համաժողովի համակազմակերպիչներն են հայաստանեայց առաքելական սուրբ  եկեղեցւոյ հարաւային  Ռուսիոյ հայոց թեմը, (թեմի առաջնորդ` Գերաշնորհ  Տէր Մովսէս  Եպիսկոպոս  Մովսէսեան), Ռուսաստանի հայերու միութեան Կրասնոդարի երկրամասի տարածաշրջանային բաժանմունքը (նախագահ` Ռազմիկ Գէորգեան):

Համաժողովի բացմանը առընթեր պիտի ցուցադրուի ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեսաողջոյնը:

Համաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 50 ուսուցիչ, մանկավարժ, դպրոցի եւ կրթական գործի պատասխանատուներ` Կրասնոդարի եւ Ստաւրոպոլի երկրամասերու, Ռոստովի մարզի աւելի քան 2 տասնեակ քաղաքներէ, բնակավայրերէ, Օմսկէն, ինչպէս նաեւ` Մոսկուայի մարզէն, Տոմոտետովոյէն:

Համաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեանը եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանճումեանը:

Համաժողովին նպատակն է նպաստել տարածաշրջանին մէջ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման ու աշխու­ժացման, հայ երիտասարդութեան մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման, մեթոտական օժանդակութիւն ցուցաբերել ուսուցիչներուն եւ աջակցիլ կրթական այլ խնդիրներու լուծման:

Համաժողովին ընթացքին զեկոյցները, ելոյթներն ու քննարկումները պիտի ծաւալին հետեւեալ հարցերուն շուրջ.

– Հայկական կրթօճախներուն մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներու կողմէ հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին  ներդրուած  նոր մեթոտները եւ կուտակուած փորձը:

– Ռուսախօս միջավայրի մէջ հայերէնի ուսուցման մեթոտիկայի եւ ուսումնական ձեռնարկներու ստեղծման առանձնայատկութիւնները եւ այն փորձը, որ արդէն կը կիրառուի Ռուսաստանի Դաշնութեան հարաւային եւ այլ տարածաշրջաններու համայնքներու հայկական մէկօրեայ կրթօճախներուն մէջ:

– ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կրթական ծրագիրներուն մասնակցութեան հարցեր, նոր կրթական ճարտարագիտութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին