Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութեան Դասաւանդումը Կարեւոր Քայլ է Ֆրեզնոյի Համար

Դպրոցներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան պարտադիր ուսուցանումը կարեւոր քայլ է յատկապէս Ֆրեզնոյի համար, ուր հայկական մեծ համայնք կայ: Այս մասին կը հաղորդէ The Fresno Bee-ն:

Յօդուածին համաձայն` այս տարի Քալիֆորնիոյ Կրթութեան հարցերու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման ծրագիրին: անկէ անկախ, խորհուրդ կը տրուի թեման դասաւանդելու ատեն զուգահեռներ անցնիլ Հոլոքոսթի հետ: Ուսուցիչները պէտք է նաեւ տեղեկութիւններ տրամադրեն ցեղասպանութեան «ամերիկեան աննախադէպ մարդասիրական արձագանգ»-ի մասին: Օգնութիւն ցուցաբերելու համար աւելի քան 117 միլիոն տոլար հաւաքուած է եւ աւելի քան 1 միլիոն փախստականի կեանք փրկուած:

Նոր նիւթերը, որոնց նպատակը դպրոցականներուն պատմական իրադարձութիւններու մասին քննադատօրէն մտածել սորվեցնելն է, դասագիրքերուն մէջ պիտի ներառուին 2018 թուականին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին