«Արաս» հրատարակչատունը այս օրերուն նոր գիրքերու տեղատարափ մը սարքած է։ Ընդհանրապէս թրքերէն նոր գիրքեր են ասոնք, որոնք հաւանաբար հրատարակուած են «Թիւյապի գիրքի տօնավաճառին առիթով», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Հրատարակուած գիրքերէն մէկը ամերիկահայ յայտնի պատմաբան Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնիի «Անոնք միայն անապատի մէջ կրնան ապրիլ» խորագրեալ գիրքն է։ «Գիրք՝ որ, ինչպէս անունէն ալ կարելի է կռահել, կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ «Անոնք միայն անապատի մէջ կրնան ապրիլ» տարազը կը պատկանի Թալէաթ Փաշային։ Գիրքի մուտքի բաժինէն անմիջապէս վերջ կը կարդանք Թալէաթ Փաշայի հետեւեալ խօսքը. «Հայերու դէմ մեր քաղաքականութիւնը վճռաբար անփոփոխ կը մնայ, ո՛չ մէկ բան կրնայ փոփոխութեան ենթարկել զայն, Անատոլուի մէջ ոչ մէկ տեղ հայ պիտի մնայ, հայերը միայն անապատի մէջ կրնան ապրիլ»», կը նկարագրէ «Մարմարա»։
Ռոնալտ Սիւնի, ըստ «Մարմարա»ի՝ մէկն է այն պատմաբաններէն, «որոնք անցեալները Ստանպուլ եկած էին Վանի մասին կազմակերպուած գիտաժողովի մը ընթացքին զեկուցելու համար։ Սիւնիին այս գիրքը, ըստ բազմաթիւ քրոնիկագիրներու ու պատմաբաններու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրուած լաւագոյն գիրքերէն մէկն է»։ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի մէջ Թոնի Պարպը կը գրէ, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին միայն մէկ գիրք պիտի կարդաք, այդ լաւագոյն գիրքը Սիւնիի գիրքն է։
Ռոնալտ Սիւնիի գիրքը, որ կը բաղկանայ 500 էջերէ, վէպի մը նման կը պատմէ տեղահանութեան ու սպանդի դրուագները։ Գիրքը անգլերէն բնագիրէն թրքերէնի թարգմանուած է Էպրու Քըլըճի կողմէ։
«Գիրքը վերջին հաշուով կը դառնայ ոչ միայն ցեղասպանութեան մը պատմութիւնը, այլ նաեւ՝ հայ ժողովուրդի որոշ մէկ շրջանի պատմութիւնը, իր բոլոր պարունակներով», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»։