Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

          Նախորդ  տարիներուն նման  Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը պիտի կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը:

«Դէպի Արցախ» կարգախօսով ընթացած համահայկական դրամահաւաքներէն գոյացած գումարներով Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն աւարտէն եւ «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրի նախաձեռնումէն ետք, այս տարի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը իր դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին աւերուած շրջաններու վերակառուցման նպատակին:

Շարունակելով հանդերձ Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ ընտանիքները նորակառոյց բնակարաններով օժտելու «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրին իրագործումը, այս տարի անհրաժեշտութիւնը կը ծագի մասնակցելու ազրպէյճանական նախայարձակումին պատճառով աւերուած շրջաններու վերակառուցման աշխատանքին:

Մասնակցելով «Իմ Արցախ» կարգախօսով ընթանալիք այս տարուան դրամահաւաքին՝ դուք ձեր ներդրումը պիտի ունենաք Արցախի հզօրացման գործին եւ քառօրեայ պատերազմին պատճառած նիւթական վնասներուն դարմանումին: Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը այս տարի անգամ մը եւս կը դիմէ հայութեան Արցախի շուրջ համախմբուելու, որովհետեւ Արցախը այսօր իւրաքանչիւր հայորդիի

անմիջական աջակցութեան կարիքը ունի՝ լուծելու համար մասնաւորաբար աւերուած շրջաններուն մէջ ենթակառոյցներու վերականգնման ուղղուած կարեւորագոյն հարցերը:

Առ այդ, Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը կը կազմակերպէ  ռատիոթոնը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:

Կո՛չ կ’ուղղենք հայ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր իրենց մասնակցութիւնը բերելու «Իմ Արցախ» կարգախօսով դրամահաւաքին, որովհետեւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է Արցախի հզօրացումը, հայրենի հողի պաշտպանութիւնը եւ պատերազմի վէրքերուն ամոքումը: Թէկուզ փոքր նուիրատուութիւններով բոլորս մասնակի՛ց դառնանք այս սրբազան աշխատանքին:

Հայաստան Համահայկական
Հիմնադրամի Լիբանանի
Գործադիր Մարմին

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին