Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Հայաստանն Ալ Ունի Որակեալ Մասնագէտներ Հարցազրոյց Իրաւական Հոգեբան Արկադի Մեհրապեանի Հետ.

Զրոյցը վարեց՝ Տաթեւ Դաւթեան

Շատերը կը համաձայնին, որ մասնագիտութիւն ընտրելն ու մասնագէտ դառնալը երբեմն որոշակիութիւն կը մտցնեն մարդու ապագայի առընչութեամբ: Այդպէս է յատկապէս զարգացած երկիրներու մէջ, ուր կրթական համակարգը սերտօրէն կապուած է աշխատաշուկայի հետ, որ այս կամ այն մասնագիտութեան ընտրութիւնը կը դարձնէ առաւել դրդիչ եւ ցանկալի: Մարդիկ կը դառնան ֆիզիքոս, քիմիագէտ, սոցիոլոգ ընկերաբան, իրաւաբան, հոգեբան եւ այլն՝ մէկ կողմէն բաւարարելով սեփական հետաքրքրութիւնները, իսկ միւս կողմէն՝ կերտելով հնարաւորինս յուսալի ու բարեկեցիկ ապագայի հիմքերը: Հայաստանն ալ ոչ նուազ զարգացած երկիրներէն է եւ կրնայ լաւ մասնագէտներ պատրաստել տարբեր ոլորտներու մէջ: «Զարթօնքի»ին համար պատրաստուող հարցազրոյցիս հերոսը կը ներկայացնէ այդ ոլորտներէն մէկը:

Արկադի Մեհրապեանը ուսանած է Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալասրանի հոգեբանութեան բաժանմունքը: 4-րդ տարին չունենալով ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն՝ ընտրած է իրաւական հոգեբանի մասնագիտութիւնը, որմով զբաղած է երկար տարիներ: 2005 թուականին աւարտած է համալսարանը, միաժամանակ շարունակած է զարգանալ հոգեբանութեան այլ ոլորտներու մէջ: Ամուսնացած է հոգեբան Մարիամ Մեհրապեանի հետ եւ ունի երեք դուստր: Այժմ կնոջը հետ միասին կը ղեկավարէ «Ժեստ» հոգեբանական կեդրոնը:

Պարոն Մեհրապեան ինչո՞ւ ընտրեցիք իրաւական հոգեբանութեան ոլորտը:

Երբ համալսարանի չորրորդ տարին էի, պէտք է ընտրէինք հոգեբանութեան  մասնագիտական որեւէ ոլորտ, բայց քանի որ ես չունէի ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն ` կա՛մ պէտք է ընտրէի ռազմական հոգեբանութեան ոլորտը, կա՛մ` իրաւականը։ Որովհետեւ ռազմական հոգեբանութեան ոլորտը փակ է ուսումնասիրութիւններու փորձառութեան համար եւ ես հնարաւորութիւն չունէի զարգանալու, այդ իսկ պատճառով ընտրեցի իրաւական ոլորտը:

Ո՞ րն է իրաւական հոգեբանութեան դերը դատական համակարգին մէջ:

13902679_1122848177792776_4666222039212850114_n

Պարտադիր չէ, որ  իրաւական հոգեբանը հանդէս գայ  դատարանի մէջ: Իրաւական հոգեբանութիւնը կը զբաղի յանցագործութեան, անձի կամ դատապաշտպանի անձի ուսումնասիրութեամբ: Եթէ հոգեբանօրէն նայինք՝ ամէն մարդ ունակ է յանցագործութեան, որովհետեւ հոգեբանութեան մէջ կայ կամածին եւ ոչ կամածին հասկացութիւնները: Ոչ կամածինը հոգեբանութեան մէջ այդքան ալ մեծ յանցանք չի համարուիր, երբ մարդը չի գիտակցիր, թէ  ինչ կ’ընէ, իսկ ընդհանրապէս իւրաքանչիւր մարդ ունակ է յանցագործութեան:

Իսկ ինչո՞ւ յատկապէս անապահով ընտանիքներու երեխաները յանցագործներ կը դառնան:

DSC_4167

Հակառակ ժառանգականութեան դերին, անձի ձեւաւորման գործին մէջ կարեւոր դեր կը  խաղան դաստիարակութիւնը եւ շրջակայ միջավայրը: Անապահով ընտանիքներու երեխաները չեն ստանար այն գիտելիքները, որոնք անհրաժեշտ են երեխայի արժեհամակարգը ձեւաւորելու համար: Անոր պատճառը այն է, որ ընտանիքի անդամները կամ այն մարդիկ, որոնք պէտք է զբաղին երեխայի անձի ձեւաւորմամբ` զբաղուած են ինչ-որ կենցաղային խնդիրներով: Մէկ կողմէն կրնանք մեղադրել նման ընտանքիները, միւս կողմէն `ոչ, բայց ընկերային վիճակը պէտք չէ խանգարէ, որ երեխան ստանայ ճիշդ դաստիարակութիւն: Պէտք է գոնէ որոշ չափով երեխայի մեջ սերմանել բարոյական արժեհամակարգ, իսկ եթէ բացթողում ըլլայ՝ երեխան կ’ընէ այն ինչ որ կը տեսնէ:

Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն աւելցած է ամուսնալուծութիւններու թիւը, ըստ ձեզի ինչով  պայմանաւորուած է այդ:

Ամուսնալուծութիւններու շատ պատճառներ կան. շատ ժամանակ պէտք է  անոնք նշելու համար, բայց փորձեմ առանձնացնել ամենատարածուածները: Առաջին պատճառներէն մէկը պատրաստ չըլլալն է, երբ զոյգերը չեն գիտակցիր իրենց դերին ու պաշտօնին ընտանիքէն ներս, միւս պատճառը ընտանեկան խնդիրները լուծելու անկարողութիւնն է, որովհետեւ պատճառներ բոլորը կրնան գտնել եւ երբ զոյգերը կը սկսին իրականութենէն փախչելու պատճառներ որոնել՝ այդ կը յանգեցնէ ամուսնալուծութեան։ Մէկը ընկերներու հետ կը փորձէ մխիթարուիլ, մէկը` օղիով, միւսն ալ խաղատուներու մէջ: Կայ եւս  պատճառ մը, երբ կինը այրմարդէն աւելի զօրաւոր է: Ընդհանրապէս կինը պէտք է քիչ մը թոյլ ըլլայ այր մարդէն, բնութեան եւ կենդանիներու մէջ ալ  այդպէս է: Բայց երբ տարբեր պատճառներով կը սկսի կինը ուժեղանալ` տղամարդը կը սկսի հոգնիլ եւ դերերը կը խառնուին: Ճիշդ այս դերերու փոփոխութիւնը ամուսնալուծութեան պատճառ կը դառնայ:

Ըստ ձեզի ինչպէս պէտք է դաստիարակել երեխաները յանցագործութիւններէն եւ վատ շրջապատէն հեռու պահելու համար:

 

Երեխաները պէտք չէ արգիլել որեւէ բանէ: Ծնողի ընելիքը ոչ թէ արգիլելն է, այլ՝ ընդամէնը երեխային առաջնորդել, որ ծնողի ամենակարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է: Պէտք է երեխան ազատ ձգել, որպէսզի ինքը ճանչնայ եւ կարենայ ինքնուրոյն լուծել իր խնդիրները: Շա՛տ հոգատարութիւնն ալ սխալ է, շա՛տ ազատ ձգելն ալ: Պէտք է ընտրել դաստիարակութեան միջին տարբերակ, անշուշտ կախում ունի նաեւ, թէ ուր կ’ապրի երեխան:

Գիտեմ որ ունիք երեք դուստր, դժուար չէ երեք աղջիկ դաստիարակելը:

Կը կարծեմ դժուար չէ, մինչ օրս դժուարութիւններ չեմ ունեցած, որովհետեւ երեխաները դաստիարակելու հարցին մէջ իմ սիրելի կնոջս դերն ալ շատ մեծ է: Անկախ անկէ, թէ երեխան որո՞ւ կամ ինչի՞ հետ կը շփուի, եթէ ամէն ինչի հիմքը ճիշդ  դրուած է բարդութիւններ չեն առաջանար։

 Ձեր կինն ալ  մասնագիտութեամբ հոգեբան է: Դիւրին է տան մէջ երկու հոգեբանի ներկայութիւնը:

Այդ ունի ե՛ւ իր առաւելութիւնները ե՛ւ թերութիւնները, բայց առաւելութիւնները աւելի շատ են, որովհետեւ թերութիւնները դիւրին է շտկել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին