«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ԱՄՆ Կլենտէլ քաղաքի «Դաւիթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան աշակերտներու լուսանկարները, որոնցմով անոնք միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին: Լուսանկարներուն մէջ կրթական հաստատութեան միայն ամերիկեան չորս քաղաքներու մէջ գործող մասնաճիւղերու աշակերտներն են:
Աւելցնենք, որ հաստատութիւնը հիմնադրուած է 1987-ին` Իրանի Քուշեշ «Դաւիթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան խումբ մը շրջանաւարտներու կողմէ: Անոնք որոշած են Սփիւռքի մէջ գտնուող երեխաներու հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար հայոց լեզուի դասընթացքներ կազմակերպել` նպաստելով ազգապահպանութեան:
Այժմ ԱՄՆ-ի եօթ տարբեր քաղաքներու մէջ «Դաւիթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան 24 մասնաճիւղեր կը գործեն, որոնցմէ ամենախոշորը Կլենտէլի մէջ է: Կրթական հաստատութեան նախագահը Վահիկ Ծատուրեանն է, տնօրէնը` Օֆելիա Ծատուրեանը: