Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Արցախի Քարին Տակ Գիւղը Մանկապարտէզ Պիտի Ունենայ

Արցախի Քարին Տակ գիւղին մէջ /Շուշիի շրջան/ կառուցուող մանկապարտէզը «Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ համայնքին մէջ կեանքի կոչուող չորրորդ կարեւորագոյն ենթակառուցուածքն է: Նախորդ տարիներուն այստեղ կառուցուած է համայնքային կեդրոն, խմելու ջուրի նոր համակարգ, վերակառուցուած է դպրոցին մարզասրահը: Մանկապարտէզը կը կառուցուի արժանթինահայ բարերարներ Տեւէճիեան, Էքսերճիեան ընտանիքներուն, Գիրգոր Շիմշիրողլուի, յունահայ եւ կիպրահայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ կառավարութեան նիւթական օժանդակութեամբ: Յունաստանի տեղական մարմինի այս տարուան «դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոն»ի հասոյթը պիտի յատկացուի դպրոցին, կը հաղորդեն հիմնադրամէն։

Մանկապարտէզին մէջ նախադպրոցական կրթութիւն եւ խնամք կրնան ստանալ աւելի քան 50 երեխայ: Շնորհիւ նորակառոյց կաթսայատան եւ ջեռուցման համակարգին՝ խստաշունչ ձմրան ամիսներուն եւս հնարաւոր պիտի ըլլայ յարմարաւէտ պայմաններ ապահովել: Խաղասարքերով կահաւորուած խաղահրապարակն ալ պիտի ծառայէ մանուկներու բացօթեայ ժամանցին: Մանկապարտէզի շէնքը արդէն կանգուն է, տանիքը` կառուցուած: Շէնքի արտաքին ու ներքին յարդարումը, կաթսայատան կառուցումն ու տարածքի բարեկարգումը աւարտելէ ետք, ամրան նորակառոյցը իր դռները պիտի բանայ համայնքի 40 փոքրիկներուն առջեւ:

Քարին Տակը ունի շուրջ 650 բնակիչ, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ են: Գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանի խօսքով` գիւղին մէջ տարուէ տարի կ’աւելնայ ծնունդներուն թիւը, ուստի եւ մանկապարտէզի խիստ կարիքը հետզհետէ ակնառու կը դառնայ: «Մեր գիւղացիներն ամուր կապուած են իրենց հողին. նոյնիսկ պատերազմի տարիներին, երբ գիւղն արկերի տակ էր, մերոնք չլքեցին իրենց տունը: Այսօր, համայնքում մէկը միւսին յաջորդող ծրագրերի շնորհիւ քարինտակցիներն ապրում են աւելի բարեկեցիկ կեանքով եւ հաւատով են լցուած վաղուայ օրուայ հանդէպ» ,- կ’ըսէ գիւղապետը:

Շուշի քաղաքէն 5քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քարին Տակ համայնքը հիմնադրուած է 18րդ դարուն: Անիկա արցախեան ազատամարտի ընթացքին մեծապէս տուժած գիւղերէն է: Ամէն տարի, Յունուար 26ին, քարինտակցիները կը նշեն գիւղի հերոսամարտի ու յաղթանակի օրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին