Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

“Դո՛ւն Ի՞Նչ Կ՛ընես Ղարաբաղի Համար”

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ինչպէս ծանօթ է, 20-24 Հոկտեմբեր  2016ին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպութեամբ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ  կայացած Լրագրողներու համահայկական 8րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին սկիզբ տալ համահայկական լրատուամիջոցներու Դո՛ւն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար համահայկական շարժման:

Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ մասնակից դառնալ ժողովուրդին տնտեսական ու ընկերային վիճակի բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

«Զարթօնք»ի անունով Future կայանէն սփռուած վերոյիշեալ նիւթով հարցազրոյց մը ունենալով (որուն համար շնորհակալ ենք կայանի պատասխանատուներուն եւ Հայկական լուրերու բաժնին), ու զայն համարելով որպէս մեկնակէտ՝ մենք պաշտօնապէս կը յայտարարենք սկիզբը մեր Դո՛ւն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համարկարգախօսով արշաւին՝ «Զարթօնք»ի կարելիութիւնները եւ էջերը տրամադրելով այս վեհ նպատակին:

Կեցցէ՛ Ղարաբաղը եւ անոր հպարտ ու քաջարի ժողովուրդը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին