Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Դեկտեմբեր 3ին Ս. Գեղարդը Պիտի Բերուի Մայր Տաճար. Մայր Աթոռը Սուրբ Պատարագ Պիտի Մատուցանէ

2015 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով հայոց եկեղեցւոյ հիմնադիրներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր` ի գոհացումն բարեպաշտ հայորդեաց եւ օտարազգի ուխտաւորներու:

Ինչպէս կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն՝  այս տարի առաքեալներու տօնին` Դեկտեմբեր 3ին, Ս. Գեղարդը պիտի բերուի Մայր Տաճար:

Մայր Աթոռը բոլորը կը հրաւիրէ Սուրբ Էջմիածին` մասնակցելու հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով մատուցուող սուրբ եւ անմահ Պատարագին եւ ստանալու հրաշագործ Ս. Գեղարդէն բաշխուող օրհնութիւնն ու շնորհները:

Ս․Գեղարդը Մայր Տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ յիշեալ օրուան ուշ երեկոյ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին