Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան իրականացուցած է արցախեան քառօրեայ պատերազմին հերոսաբար զոհուած փոխգնդապետ Օնիկ Գրիգորեանի որդւոյն` Յովիկին երազանքը:
«Նուիրենք նրանց հեքիաթ» խորագիրը կրող ծրագիրի ծիրէն ներս կ’իրականացուին արցախեան պատերազմի հերոսներու երեխաներու երազանքները: Յովիկին երազանքը Հենրիխ Մխիթարեանին տեսնելն էր: «Գանձասար-Կապան» ֆութպոլային ակումբի ղեկավարութեան շնորհիւ այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ:
Յովիկը իր ընտանիքին հետ միասին կրցաւ ներկայ գտնուիլ Հայաստան – Չեռնոկորիա հանդիպման: Խաղէն ետք, երեխան հանդիպեցաւ իր ֆութպոլային կուռքին հետ, ստացաւ անոր ինքնագիրը եւ լուսանկարուեցաւ Մխիթարեանին հետ, կը գրէ armsport.am-ը: