Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Համահայկական Կոչ. «Դո՛ւն Ի՞նչ Ըրած Ես Ղարաբաղի Համար»

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գործընկերներ,

Սիրով կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ 2016թ.Հոկտեմբերի 20-24ը Երեւանի մէջ եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսած «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը:
Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

Այս նպատակով կոչ կ’ընենք 2017թ. սփիւռքեան համայնքներու կողմէն կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախին (փառատօներ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, արիւնատուչութեան ձեռնարկներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Կ’ուզենք, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար դառնայ Արցախի տարի…

Նախարարութիւնը բացած է ֆէյսպուքեան էջ, ուր պիտի հրապարակուին սփիւռքեան համայնքներու եւ սփիւռքահայ անհատներու կողմէն Արցախի համար իրականացուող բոլոր ձեռնարկները: Իրականացուող ձեռնարկները պիտի հրապարակուին նաեւ նախարարութեան Հայերն այսօր ել. լրատուամիջոցի համապատասխան բաժինի մէջ` www.hayernaysor.am:

Միացէ՛ք մեր ֆէյսպուքեան էջին` What Are You Doing for Karabakh? եւ հետեւեցէք շարժման գործընթացին` մաս կազմելով այս հիանալի համահայկական ձեռնարկին: Ձեռնարկները մեկնարկելու եւ հայկական աշխարհի մէջ հանրայնացնելու նպատակով իւրաքանչիւրէն կը խնդրենք նկարուիլ` պարզելով «դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» ցուցապաստառը (կցուած է) եւ ուղարկել մեզի` ֆէյսպուքեան էջին՝ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակելու եւ տարածելու համար:

Մենք կը հաւատանք, որ հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներուժով կրնաք զօրավիգ ըլլալ Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին