Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Նախապատերազմական Վիճակ Չկայ, Բայց Ատիկա Չի Նշանակեր, Որ Մեր Զգօնութիւնը Պէտք է Նուազի. Դաւիթ Բաբայեան

ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան կը նշէ, որ հակառակորդին կողմէ առաջնագիծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերու արկակոծումը առանձնապէս որեւէ բանով պայմանաւորուած չէ եւ ատիկա Ազրպէյճանի պետութեան էութիւնն է:

«Իհարկէ այն, որ զօրավարժութիւններ են անցկացւում, այդ համատեքստում էլ են խախտում զինադադարի ռէժիմը, բայց սա այդ պետութեան էութիւնն է, եւ նման պետութիւնները հէնց այդպիսի քաղաքականութիւն են վարում»,- ըսած է ան, կը յայտնէ tert.amը:

Նշենք, որ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ մասնաւորապէս` ժամը 12:15էն սկսած, հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետերէ կ’արկակոծէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ եւ Եարըմջա) ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը: Յատկապէս բուռն արկակոծութեան կ’ենթարկուին Եարըմջա գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը:

Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ որքան Ազրպէյճանի ընկերա-տնտեսական վիճակը կը բարդանայ, այնքան Ազրպէյճանը ապակառուցողական դիրք կ’ընդունի, կրկին կը շահարկուի  արտաքին թշնամիի կերպարը, որպէսզի բնակչութիւնը շեղէ առկայ խնդիրներէն, ինչ որ նաեւ կանխատեսելի է:

«Ամէն ինչ արւում է մեր բանակի մարտունակութիւնը բարձր պահելու համար, ինչն ամենակարեւոր եւ ամենագործուն մեխանիզմն է, որպէսզի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանում պահպանուի: Ուրիշ տարբերակ չկայ»,- ըսած է ան եւ վստահեցուցած, որ միշտ ալ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Սակայն խօսել այն մասին, որ կայ նախապատերազմական վիճակ, դա ի հարկէ այդպէս չէ, բայց այն, որ հաւանականութիւնը քիչ է, դա չի նշանակում, որ մեր զգօնութիւնն էլ պէտք է քիչ լինի, կամ նուազի, կամ էլ նման երեւոյթների վրայ չպէտք է ուշադրութիւն դարձնենք: Իրավիճակը վերահսկւում է, որեւէ արտառոց բան չկայ»,- ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի համանախագահողներու արձագանգին, ապա ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակը մէջբերեց երկու օր առաջ ԱՄՆ դեսպանի Ազրպէյճանի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, ըստ որու` ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային եւ խաղաղ ճանապարհին այլընտրանք չկայ:  «Նա դա արել է այս զօրավարժութիւնների նախօրէին, ինչը յստակ պատգամ է, որ Ազրպէյճանը  յանկարծ չմտածի իրավիճակն ապակայունացնելու ուղղութեամբ»,- աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին