Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշխակերտները Կը Շնորհաւորեն Վեհափառ Հայրապետին 20ամեակը

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի մանուկներն ու ուսուցիչները ստանալէ ետք Ս. Հաղորդութիւն, առաջնորդութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի եւ Վարժարանի պատասխանատուներուն ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ: Շուրջ 100 փոքրիկներ այցելութեան եկած էին շնորհաւորելու համար Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 20ամեակը։

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանին անունով խօսք առաւ Տիկ. Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը, որ սրտագին շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20ամեակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարաններուն ու մանուկներուն հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն ու հայրական գուրգուրանք տածելուն համար: Փոքրիկները Կիրակնօրեայ վարժարանէն ներս սորված աղօթքներէն ու շարականներէն փունջ մը ներկայացուցին Վեհափառ Հայրապետին եւ ապա լսեցին անոր հայրական խօսքը։ Այս իւրայատուկ հանդիպման ներկայ էին նաեւ աշխակերտներուն ծնողները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։

Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս կարեւորեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու դերը յատկապէս քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս, գնահատեց այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն Կիրակնօրեայ վարժարանին։ Ան նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք կամաւորապէս նուիրուած են մեր մատղաշ սերունդի հոգեւոր դաստիարակութեան՝ Կիրակնօրեայ վարժարանին ճամբով։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Սահակ Բ. Հայրապետին նախաձեռնութեամբ հաստատուած Կիրակնօրեայ վարժարանը կը գործէ մեր բոլոր թեմերէն ներս, հայ դպրոցին կողքին իր կարեւոր նպաստը բերելով հայ մանուկին ու պատանիին հայակերտումի այնքան հրամայական առաքելութեան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին