*ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ*
Հոկտեմբեր19ին Գերմանիոյ Դաշնութեան Մայնի Ֆրանկֆուրտ քաղաքին մէջ մեկնարկած է միջազգային հրատարակչական ոլորտի ամենամեծ`Ֆրանկֆուրտի 68րդ գիրքի տօնավաճառը, որ կը շարունակուի գործել մինչեւ Հոկտեմբերի 23ը:
Հայաստանը նոյնպէս առանձին տաղաւարով կը մասնակցի աշխարհի ամենահեղինակաւոր ցուցահանդէսին, ուր կը ներկայացուի մեր երկրի՝ վերջին քանի մը տարուան օտարալեզու եւ հայալեզու գրահրատարակչական արտադրանքը:
Ֆրանկֆուրտի տօնավաճառին Հայաստանը ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ կը ներկայացնէ երեք հեղինակաւոր հրատարակչութիւններ՝ «ԵՊՀ», «Անտարես» եւ «Զանգակ»: Միջազգային տօնավաճառին որպէս գրական ընկերութիւններ ներկայ են Առաջին գրական գործակալութիւնը, Հայ գրականութեան հիմնադրամը եւ «ԱՐԻ» գրական գործակալութիւնը։ Ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարին մէջ կը կատարուին նաեւ գիրքերու շնորհահանդէսներ:
ԵՊՀ հրատարակչութիւնը կը ներկայացնէ ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ կազմուած «Հայոց ցեղասպանութեան ատլաս» (անգլերէն ատլասի) ազդօրինակը, որուն մէջ քարտէզներու միջոցով եւ անգլերէն նկարագրութիւններով ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ պատմութիւնը՝ Ապտուլ Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Սումկայիթեան դէպքեր, ինչպէս նաեւ պատմաբան Արտակ Մովսիսեանի «Հայոց 5000ամեայ պետականութիւնը» գիրքը, որ նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 25ամեակին:
Այս տարի գիրքի միջազգային տօնավաճառի պատուաւոր հիւրը Նիտերլանտն է: Յատկանշական է, որ աշխարհի ամենահեղինակաւոր իրադարձութեան կը մասնակցին աւելի քան 100 երկիրներէն 7100 ցուցադրողներ: Այս հինգ օրերու ընթացքին տեղի պիտի ունենան շուրջ 4000 ձեռնարկներ, իսկ զանոնք լուսաբանելու համար մասնակցած են աւելի քան 10.000 լրագրող, որոնցմէ 2.000-ը պլօկագիրներ են: Ընդհանուր առմամբ՝ տօնավաճառը կ’ունենայ շուրջ 275.000 այցելուներ:
Տեղեկացնենք, որ 2016 թուին ԵՊՀ հրատարակչութիւնը դարձած է եւրոպական համալսարաններու հրատարակչութիւններու միութեան լիիրաւ անդամ, եւ այս տարի առաջին անգամ Գերմանիոյ մէջ մասնակցած է միութեան տարեկան համաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուած են հրատարակչութեան ոլորտին առնչուող որոշ հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ համատեղ գրացուցակ ստեղծելու եւ հրատարակելու խնդիրը:
Ըստ ԵՊՀ հրատարակչութեան տնօրէն Կարէն Գրիգորեանի՝ ինչպէս միութեան անդամ երկիրներու հրատարակչութիւններու, այնպէս ալ եւրոպական եւ ամերիկեան հրատարակիչներու հետ շարք մը պայմանաւորուածութիւններու որպէս արդիւնք հնարաւոր կ’ըլլայ թարգմանել եւ հրատարակել նաեւ վերջին տարիներուն լոյս տեսած դասագիրքերը, որ ըստ Կարէն Գրիգորեանի, կարեւոր է համալսարանի ուսանողներու համար: ԵՊՀ հրատարակչութիւնը լուրջ աշխատանքներ կ’իրականացնէ այդ ուղղութեամբ:
Այն հարցին, թէ միջազգային տօնավաճառին Հայաստանը գլխաւորաբար ինչ բնոյթի գիրքերով ներկայացած է, ԵՊՀ հրատարակչութեան տնօրէնը պատասխանեց. «Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական հարցին եւ հայոց պատմութեանը նուիրուած 35 գիրքերով մասնակցած է: Անշուշտ, որ բաւարար չէ: Շատ են, օրինակ, թարգմանական գիրքերը: Մենք պէտք է յաջորդ տարի վերանայենք ցանկը՝ պարզելու համար, թէ յատկապէս ո՞ր գիրքերը պէտք է ներկայացուին, որպէսզի արտասահմանեան երկրներու այցելուները պատկերացում կազմեն մեր երկրի պատմութեան մասին: Ընդհանրապէս, այս բնոյթի գիրքերը պէտք է դառնան տօնավաճառի ներկայացման պարտադիր պայմաններէն մէկը»:
Կարէն Գրիգորեանը գիրքերու բովանդակութեան որակին եւ արտաքին ձեւաւորման հետ կապուած որեւէ խնդիր չի տեսներ՝ զայն համեմատելով այլ երկրներու հրատարակչութիւններու աշխատանքներուն հետ: Փոխարէնը՝ ան լուրջ խնդիրներ կը տեսնէ ծաւալներու հետ կապուած հարցերու մէջ (Հայաստանի մէջ գիրքերը լոյս կը տեսնեն առաւելագոյնը 1000 օրինակ տպաքանակով):