Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

«Անոնք Ձախողեցան…». Տիգրանակերտէն Ժամանած Հայ Երիտասարդին Գրառումը Ծիծեռնակաբերդի Յուշամատեանին Մէջ

*ՍՏԵՓԱՆ ԵՓՐԵՄԵԱՆ*

Ծիծեռնակաբերդ այցելած, հայկական Տիգրանակերտ (Տիարպէքիր) քաղաքէն Երեւան ժամանած Ստեփան Եփրեմեան Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ իր յոյզերուն մասին գրութիւն թողած  է, ուր կ’ըսէ.

«…Կ’ապրիմ իմ հողիս վրայ, եւ պիտի շարունակեմ ապրիլ ու մահանալ ճիշդ ձեզի պէս, Հրանդի պէս, Սեւակի պէս…

Պապի՛կ, մէկ բան կայ, որ իրենք (թուրքերը) մոռցած են, մէկ բան կայ, զոր չեն կրցած յաջողցնել. մեզի ձեզմէ եւ զիս քեզմէ չկրցան բաժնել: Չկրցան զիս զրկել քեզի պէս խօսելէն, աղօթելէն, երգելէն, մէկ խօսքով՝ քեզի պէս ապրելէն: Որովհետեւ գլուխիս մէջ եղած սահմանները ոչնչացուցի, ինչպէս որ դուն սորվեցուցեր էիր մայրիկիս եւ հայրիկիս, եւ ինչպէս որ անոնք սորվեցուցին ինծի: Կամուրջ նետեցի դէպի սէր տանող ամէն ճանապարհ: Երեւանէն դէպի Տիգրանակերտ, այնտեղէն՝ Քիահթա… այնտեղէն ալ՝ ամէն տեղ, ուր վայրի սիրտը ձեզի հետ է… Լոյսերու մէջ եղէք»:

7

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին