Ֆրանսացի լուսանկարիչ Ժուլիէն Փեպրել (Julien Pebrel) վերջին վեց տարիներու ընթացքին լուսանկարած է Լեռնային Ղարաբաղի զինծառայողները, խաղաղ բնակիչները, գիւղերն ու քաղաքները:
32ամեայ ֆրանսիացիին պատկերած լուսանկարները ներկայացուցած է esquire.ru կայքը: Ուշագրաւ լուսանկարներուն մէջ տեղ գտած են զինուորներու կեանքը, տարբեր տարիներու վիրաւորուած քաղաքացիներ, անոնց առօրեան, կամաւորներ, վեթերաններ եւ յուշարձաններ, կը փոխանցէ Tert.am-ը: