Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հակառակորդը Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակած է Շուրջ 840 Կրակոց․ ԼՂՀ ՊՆ

Հոկտեմբեր 31ի լոյս Նոյեմբեր 1ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահամագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է աւելի քան 55 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 840 կրակոց: Սահմանագիծի հիւսիսային ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ձեռքի հակատանկային նռնականետ (ՌՊԳ-7 /3 արկ/):

Հակառակորդին նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար, ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին