Շաբաթ, 15. 03. 2025

spot_img

Հրանդ Տինքի Սպանութեան Գործով Կասկածեալը Նոր Պաշտօն Ստացած Է

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ Էնկին Տինչը, որ կը զբաղեցնէր Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի պետի պաշտօնը, նշականուած է Էսքիշեհիրի ոստիկանութեան պետի պաշտօնին: Այս մասին՝ ըստ «Երկիրմեդիա»-ի՝ կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը:

Ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ նշանակումներ եղած են 34 նահանգներու ոստիկանական վարչութիւններուն մէջ:

Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւնները քննող 14րդ դատարանին մէջ Հոկտեմբեր 10ին կայացած Տինքի սպանութեան դատական նիստին առաջին անգամ ներկայ գտնուած է սպանութեան գործի կասկածեալ Էնկին Տինչը: Մինչեւ պաշտպանական ելոյթը սկսիլը՝ Էնկին Տինչը նշած էր, որ կը ցաւի Հրանդ Տինքի սպանութեան համար: Գործի ծիրէն ներս «պաշտօնէական դիրքի չարաշահման» մեղադրանքով Տինչին կը սպառնայ 15-22 տարուան ազատազրկում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին