Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Մեսորպեան Վարժարան “Եկայ, տեսայ, հիացայ, սիրեցի”

2016ի Հոկտեմբեր 28ին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, ուր նախագահեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած դպրոցական հանդիսութեան եւ այդ առիթով իր հայրական խօսքը ուղղեց աշակերտութեան եւ անձնակազմին:

IMG_4392

IMG_4399

Հոգեւոր Տէրը Մեսրոպեան ժամանեց առաւօտեան ժամը 9ին: Անոր կ’ընկերանային Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Արհի. Հայր Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի պատրիարքական փոխանորդ եւ պատրիարքական կրթական խորհուրդի նախագահ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Ընդունելութեան մասնակցեցան Մեսրոպեանի տեսչական ամբողջ անձնակազմը, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ վրդ. Սապէ, փոխ ժողովրդապետներ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տ. Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան եւ Մեսորոպեան նախկին սաներու միութեան ատենապետ պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան:

IMG_4446

Այցելութեան առիթով Մեսրոպեանի տեսչական բաժանմունքի մուտքին կատարուեցաւ բացումը յուշաքարի մը, որմով նոյն բաժանմունքը կը ստանար Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին անունը, առ ի վաւերացում այն փաստին, որ նշեալ բաժանմունքը կառուցուած էր բացառապէս Հոգեւոր տիրոջ ջանքերով՝ Մեսրոպեանի տնօրէն եղած ժամանակաշրջանին (1961-1969):

IMG_4537

Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Մեսրոպեան վարժարանի գրասենեակներն ու բաժանմունքները, ծանօթացաւ այնտեղ կատարուող աշխատանքներուն, գոհաբանական աղօթք կատարեց Մեսրոպեանի մատուռին մէջ, որմէ ետք կայացաւ հանդիպում՝ տեսչական կազմի անդամներուն հետ, Եսայեան հանդիսասրահին մէջ:

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ըսաւ, որ թէ որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետ եւ թէ որպէս նախկին տնօրէն, Մեսրոպեանը մեծ տեղ ունի իր սիրտին մէջ, եւ որուն գործունէութեան կը հետեւի մեծագոյն ուշադրութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց այս  այցելութեան առիթով եւ մեծապէս գնահատեց վարժարանի մանկավարժական եւ վարչական անձնակազմին կատարած աշխատանքը՝ հայ սերունդներու կրթութեան համար: Հոգեւոր Տէրը շեշտեց սիրոյ կարեւորութիւնը ուսուցչական գործունէութեան մէջ, դիտել տալով, թէ սէրն է, որ ամենաշատը կ’արդիւնաւորէ ուսուցիչի մը ջանքերը աշակերտներու դաստիարակութեան մէջ: Ան կարեւորութեամբ նկատել տուաւ, որ ուսուցչութիւնը սովորական մասնագիտութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն մը՝ սրբազան կոչուելու աստիճան, առանց նման գիտակցութեան ուսուցիչ մը չի կրնար իրականացնել իր կոչումը: Գրիգոր Պետրոս Ի. յորդորեց բոլորը զինուելու մեծագոյն համբերութեամբ, մանուկներու առողջ կազմաւորման առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար:

3

Այցելութեան առիթով, Հոգեւոր տէրը, իրեն ընկերակից հոգեւորական հայրերուն եւ ընդունելութեան մասնակիցներուն հետ, յարգանքի տուրք մատուցեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին՝ ծաղիկներ զետեղելով անոր յուշակոթողին առջեւ: Ան յուշանուէրներ ստացաւ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ: Այցելութեան աւարտին, ան վարժարանի յուշամատեանին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Եկայ, տեսայ, հիացայ, սիրեցի. նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ՝ Տիրոջ օրհնութեամբ եւ պատասխանատուներու նուիրումով: Աղօթարար՝ Գրիգոր Պետրոս Ի., 28 Հոկտեմբեր, 2016»:

2

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին