Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Էրտողանը Հրաւիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Համերգին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեժեփ Թայիփ Էրտողանը հրաւիրուած է Իսթամպուլի մէջ գտնուող Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ Նոյեմբեր 13ին կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած «Աղէտ» ստեղծագործութեան համերգին:

Պոլսահայ «Ակօս» թերթին հաղորդած տեղեկութիւններով, նշեալ ձեռնարկէն ետք, տեղի պիտի ունենայ նաեւ գերմանա-հայ-թրքական բարեկամութեան միութեան բացման արարողութիւնը: Նշեալ երկու ձեռնարկներուն՝ բացի Էրտողանէն՝ հրաւիրուած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ մշակոյթի նախարար Նապի Աւճըն:

Էրտողանին ուղղուած հրաւէրին մէջ նշուած է, որ նշեալ ձեռնարկները, նպատակ ունին նաեւ երեք երկիրներու արուեստագէտներու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծել: Այդ համագործակցութեան նպատակն է նաեւ ուսումնասիրել «Հայ եւ թուրք ժողովուրդներու անցեալին տեղի ունեցած ընդհանուր վէրքեր», ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր:

Հրաւէրին մէջ նաեւ շեշտուած է, որ Իսթամպուլ գտնուող Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ ծրագրուած ձեռնարկները կ’իրականացուին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ:

Հրաւէրի աւարտին՝ Էրտողանէն կը խնդրուի, մինչեւ Նոյեմբեր 5 պատասխան նամակով տեղեկացնել համերգին մասնակցիլ-չմասնակցելուն վերաբերեալ որոշման մասին:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Թուրքիան կասեցուցած էր մասնակցութիւնը «Ստեղծագործ Եւրոպա» նախագիծին:

«Ստեղծագործ Եւրոպա»-ն 200 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն ցուցաբերած է Գերմանիոյ Տրեզտեն քաղաքի սիմֆոնիկ նուագախումբին պատրաստած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Աղէտ» համերգային նախագիծին:

«Ստեղծագործ Եւրոպա»-ն 1 միլիառ 460 միլիոն եւրօ պիւտճէ ունեցող նախագիծ է, որ կ’աջակցի Եւրոպայի մէջ 2014-2020ին իրականացուող մշակութային ձեռնարկներուն: Ծրագիրին միացած երկիրները, որոնց մէջ է նաեւ Թուրքիան, տարեկան որոշ գումար կը յատկացնեն որպէս ընդհանուր հասոյթ, որ կը ծախսուի անդամ երկիրներու մշակութային նախագիծերուն աջակցելու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին