Դասական երաժշտութեան որպէս սիրողական, բայց մշտական ունկնդիր`պատիւը ունեցայ հրաւէր ստանալու եւ ներկայ գտնուելու սոյն ձեռնարկին: Տասնամեակ, մեծ թիւ մը չէ, սակայն նուագախումբի ստեղծման օրերէն, երբ 2006ին ՀԲԸ Միութեան 100 ամեակին առիթով նորակազմ խումբը «Գ. Նազարեան» սրահէն ներս իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ, ապա ելոյթներ հայրենի բեմերու վրայ` ստանալով «Ֆ. Նանսէն»ի վկայագիրը եւ ոսկէ մետալը, շատ բաներ փոխուած են անոր կեանքին մէջ: Կը բանամ պահարանն ու բծախնդրութեամբ կազմուած տոմս–տեղեկատուն զիս կը յուշէ, թէ տագնապիլը այնքան ալ տեղին չէ: Ի՞նչ կը սպասէի, չբարձրաձայնեմ, սակայն անկեղծութիւնս թոյլ պիտի չտայ ըսելու, որ քանի մը օր առաջ խուճապահար վազող հալէպահայը ինչպէ՞ս կրնայ իրարմէ անջատել խուճապն ու պահանջը, լաւատեսութեամբ դիմագրաւել ներքին վախերն ու իր կամքով սնուցուած ժառանգական ոգիին հարազատ մնալ:
ՀԵԸ-ի երիտասարդ ոգին բնականաբար չի ծերանար պատերազմի կնճռոտ հարուածներուն դիմաց,- լաւատեսօրէն կը մտածեմ, երբ քայլերս դարձեալ կ’ուղղուին դէպի հարազատ «Գ. Նազարեան» սրահ: Սրահի բազմագոյն եռուզեռը բնաւ զիս չխանգարեց գոց վարագոյրներու ետին վերյիշելու նախորդ տարիներու ելոյթները եւ ահա յուշ դարձած պահերը ակնթարթի մը մէջ թարմացան: Գեղեցիկ ու հնչեղ, տպաւորիչ հարազատ ձայն մը սթափեցուց զիս. Թամար Խապայեանի հայերէն բացման խօսքն է, որ միշտ ասմունք կը յուշէ: Ապա Դաւիթ Մելքոնեան արաբերէն խօսքը արտասանեց` ներկաներէն խնդրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել՝ մեր անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան քսաներկու մասնակից անդամները եւ համեստ, բծախնդիր, կեանքին մշտապէս պայծառ աչքերով նայող երիտասարդ խմբավար` բժիշկ Սարգիս Իսկէնեանը:
Խումբը երիտասարդ է այո, սակայն մասնակիցներու ճնշող մեծամասնութիւնը` նորեկ ու պատանի: Նոր ծիլեր հրկիզուած արտին մէջ, ուր Կոմիտասի հոգին, շունչը կը թեւածեն ու օտար նուագողներ եւս կը համտեսեն զայն եւ հայու ոգիով կը հրամցնեն ներշնչեն հանդիսատեսը:
Յաջորդաբար՝ Մոցարտ, Ռախմանինով, Հայտըն, Ղազարեան, Խաչատուրեան, Ասլամազեան հնչեցին որպէս դասական երաժշտութեան այնպիսի ընտրանի, որ կը գոհացնէ իւրաքանչիւր ճաշակ: Երկու հիանալի մեներգներ ունկնդրեցինք Արամ Խաչատուրեանի եւ Լենա Պաղտոյեանի կատարումով:
Ապա պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ խումբի անցած ուղին, որուն ընթացքին հնչեցին նախորդ խմբավար Յովհաննէս Մուպայէտի բարի մաղթանքներն ու շնորհաւորանքները:
Երկրորդ մասի աւարտին, Տէր Եզնիկ Քահանայ Զղջանեան թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց, ապա ներկաները օրհնեց «Պահպանիչ»ով:
Դարձեալ բուռն ծափողջոյններ`աւարտի վայրկեանները յուշող բարձրաճաշակ ելոյթին, իսկ ես ամենեւին չէի փափաքեր, որ ան աւարտի`այնպէս ինչպէս չես ուզեր պիտի չուզէիր, որ աւարտին հասնի իւրաքանչիւր գեղեցիկ երազ:
Ձեռնարկը պիտի կրկնուի յառաջիկայ Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր, 2016ին:
Հանդիսատես մը
«Գանձասար» (Հալէպ)