Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Ցեղասպանութիւնը Վերջապէս Արժանի Կերպով Ներկայացուեցաւ «Խոստումը» Ֆիլմին Մէջ. «Նէյշըն»

Ամերիկեան ամենահին ու յարգուած թերթերէն՝ «Նէյշըն»ի մէջ, Փիեթրօ Շաքարեան անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմին եւ նշած, որ անիկա «պիտի բացայայտէ պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն մէկը, որ անամօթաբար ուրացուած է չափազանց երկար ժամանակ»: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը։

Ներկայացնելով 20-րդ դարասկիզբի ողբերգական դէպքերուն ժամանակագրութիւնն ու սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւնները՝ յօդուածագիրը կը մէջբերէ ամերիկացի դիւանագէտ Լուիս Այնըշթայնի կողմէ 1920-ին նոյնինքն «Նէյշըն»ի մէջ հրապարակուած նիւթէն հատուած մը, ուր գրուած է. «Հայերէն աւելի ո՛չ մէկ ազգ տանջուած է թրքական կառավարութեան իրականացուցած սպանութիւններու դիւային քաղաքականութեան հետեւանքով»:

Ապա անդրադառնալով ամերիկացի բեմադրիչ Թերի Ճորճի «Խոստումը» ֆիլմին՝ հեղինակը կը գրէ. «Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆիլմ նկարահանելը դիւրին գործ չէ, սակայն այս մէկը տուեալ նիւթով պատրաստուած լաւագոյն ֆիլմն է՝ հզօր դերասանական կազմով, տպաւորիչ տեսարաններով եւ ճշմարտացի պատմութեամբ»:

Շաքարեան նաեւ կը գրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆիլմ պատրաստելու բազմաթիւ փորձեր՝ տարբեր տարիներու, տարբեր պատճառներով ձախողած են Հոլիվուտի մէջ, աւելի կարեւոր դարձնելով հանգուցեալ Գըրգ Գըրգորեանի ջանքերով իրականացած «Խոստումը» ֆիլմին իրականացումը:

««Խոստումը» ֆիլմին գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկն է այն, որ ֆիլմը կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան բոլոր կողմերը՝ առանց աղաւաղելու ժամանակագրութիւնը, դէպքերու աշխարհագրութիւնն ու պատմական իրողութիւնը: Գովելի է, որ կարօտախտի եւ տառապանքի հետ մէկտեղ, ֆիլմի գլխաւոր թեմաներէն է նաեւ քաջութիւնը», կը շարունակէ յօդուածագիրը:

Ան նաեւ կը նշէ, որ «Խոստումը» Ցեղասպանութեան մասին այն հոլիվուտեան ֆիլմն է, որուն հայերը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէին: «Վստահ եմ, որ ֆիլմը դիտելէ ետք, շատ հայեր պարզապէս պիտի ըսեն՝ «ապրի՛ս»», կ՛եզրափակէ Շաքարեան:

Շաքարեանի սոյն յօդուածին անդրադառնալով՝ «System of a Down»ի մեներգիչ Սերժ Թանգեան նշած է, որ անիկա «կատարեալ յօդուած մըն է «Խոստումը» ֆիլմին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային մասին»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին