Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ UNESCO-ի ազգային յանձնաժողովին ջանքերով՝ UNESCO-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»-ին անդամակցած են Հայաստանի 4 քաղաքներ` Սիսիան, Սեւան, Դիլիջան եւ Կիւմրի:
ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու եւ մասնաւորապէս կրթութեան վերաբերող 4-րդ նպատակի իրականացումը խթանելու եւ այդ ուղղութեամբ ուսումնառող քաղաքներու կերտման լաւագոյն փորձի փոխանակման միջազգային հարթակ ստեղծելու նպատակով՝ 2012-ին UNESCO-ի կողմէն նախաձեռնուած է UNESCO -ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»-ի (UNESCO Global Network of Learning Cities (GNLC)) ստեղծումը, որու մեկնարկը, վերջինիս մրցանակին հետ մէկտեղ, տեղի ունեցած է 2015 Սեպտեմբեր 28-30` Մեքսիքոյի մէջ կայացած Ուսումնառող քաղաքներու երկրորդ միջազգային գիտաժողովի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք:
UNESCO-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»-ին անդամակցելու ժամանակ քաղաքներուն հնարաւորութիւն կ՝ընձեռուի օգտուելու ցանցին անդամակցող այլ քաղաքներու հետ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան իւրովի հարթակէն: Անդամակցող քաղաքները նաեւ հնարաւորութիւն կը ստանան իրենց թեկնածութիւնները ներկայացնելու երկամեակի կտրուածքով տրուող «Ուսումնառող քաղաք» մրցանակին համար, որ կը շնորհուի ուսումնառող քաղաքի ստեղծման եւ կայացման գործին նշանակալի յառաջընթաց արձանագրած քաղաքներուն:
Նշենք, որ անդամակցութեան հնարաւորութիւն ունին քաղաքային խորհուրդի կամ ընտրուած այլ մարմինի կողմէն կառավարուող, առնուազն 10000 բնակիչ ունեցող վարչատարածքային այն միաւորները, որոնք պատրաստ են որդեգրել ցանցի ուղեցուցային երկու փաստաթուղթերու` «Ուսումնառող քաղաքներու կառուցման Բեգինի հռչակագիրի» եւ «Ուսումնառող քաղաքներու հիմնական յատկանիշներ»ու սկզբունքները եւ որոնց յայտերը կ՝արժանանան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ UNESCO-ի ազգային յանձնաժողովի հաւանութեան:
UNESCO-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»-ին անդամակցելու համար յայտ կրնան ներկայացնել ուսումնառութեան գաղափարը խրախուսող եւ վերոնշեալ չափանիշներուն համապատասխանող բոլոր ցանկացող քաղաքները: