Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Սարըքայա Շրջանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցւոյ Մաքրութեան Կը հետեւի Տեղւոյն Թուրք Կրօնաւորներէն Մեթին Հալըճը

Թուրքիոյ Եոզկաթ նահանգի Սարըքայա շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մաքրութեան կը հետեւի տեղւոյն թուրք կրօնաւորներէն Մեթին Հալըճը: Թրքական «Հիւրյիէթ» օրաթերթը կը նշէ, որ մինչեւ 1960-ական թուականներ Սարըքայա շրջանին մէջ տակաւին գոյատեւած են շարք մը հայ ընտանիքներ, որոնք յետագային արտագաղթած են: Անոնց ժառանգորդները տարուայ մէջ քանի մը անգամ կ՛այցելեն Սարըքայայի մէջ գտնուող պատմական հայկական եկեղեցին: Եոզկաթ նահանգին եւ Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը շրջաններուն մէջ մեծ տարածում ունի գանձի գողերու խնդիրը, որուն պատճառով տեղւոյն բնակչութեան ձեռքերով կ՛աւերուին եւ կ՛ոչնչացուին հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներ ու գերեզմաններ: Մինչդեռ Սարըքայայի իմամ Մեթին Հալըճը, հակառակ այս ամէնուն, որոշած է ոչ միայն չվնասել հայկական եկեղեցին, այլ նաեւ լրջօրէն կը զբաղի անոր պահպանումով՝ շարժելով տեղւոյն բնակչութեան ու թրքական լրատուամիջոցներուն զարմանքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին