Հայրենիքի մէջ կազմկերպչական աշխատանքներու ծիրէն ներս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Երեւանաբնակ եւ օրերս Երեւան գտնուող ընկերներ Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին ժողով մը ունեցան Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի ՌԱԿ-ի գրասենեակին մէջ:
Ժողովը առիթ մըն էր քննարկելու եւ վերարժեւորելու վերջին եռամսեակին Հայրենիքի մէջ տարուած ՌԱԿ-ի աշխատանքները:
ՌԱԿ Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժումի եւ ԵՌԱԿ-ի կազմակերպչական հարցերը ինչպէս միշտ յատուկ հոգածութեան արժանացան:
Ժողովականները քննարկեցին նորօք հաստատուած «Հայկական Ռամկավար Ազատական Կազմակերպութիւն» Ժողովրդավարութեան Զարգացման Աջակցող Հասարակական Կազմակերպութեան («ADLO» NGO) հետ առնչուող մանրամասնութիւններ՝ նպատակ ունենալով Հայրենիքի ամբողջ տարածքին զարկ տալ ժողովրդավարութեան զարգացման թեմայով դաստիարակչական հաւաքներու եւ դասախօսութիւններու:
ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ