Թուրքիոյ Թեքիրտաղ նահանգի Մալքարա շրջանին մէջ ճանապարհի շինարարութեան ժամանակ հայկական շիրմաքարեր գտնուած են: Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թուրքական «Habertürk» լրատուակայքը կը հաղորդէ, որ Մալքարայի մէջ գտնուող Հիւրրիէթ պողոտայի բարեկարգման աշխատանքներու ժամանակ 8 գերեզմանաքարեր յայտնաբերուած են: Գրեթէ 1.5 մեթր մեծութեամբ այս տապանաքարերուն վրայ հայերէն գրութիւններ կան:
Գտածոները բեռնատարով փոխադրուած են յատուկ պահեստ: Մալքարայի փոխքաղաքապետ Ահմեթ Նազիֆ Պալճըն նշած է, որ հնարաւոր է` տարածքին մէջ նաեւ այլ գերեզմանաքարեր ըլլան: Պեղումներու ընթացքին գտնուած բոլոր յուշարձանները առայժմ կը պահուին տեղի մշակոյթի պալատին մէջ: Աւելի ուշ, ըստ Պալճըի, գտնուած բոլոր տապանաքարերը պիտի յանձնուին յուշարձաններու բարձրագոյն խորհուրդին կամ թանգարաններու վարչութեան:
Հիւրրիէթ պողոտային մէջ աշխատող Նեճտէթ Թեքգօզը նշած է, որ այդ վայրերուն մէջ նախապէս հայեր եւ յոյներ ապրած են: Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնած, որ ՏԻՄ մարմինները անհրաժեշտ հոգատարութիւն եւ ուշադրութիւն ցուցաբերեցին գտնուած պատմամշակութային յուշարձաններուն նկատմամբ: