Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Պունտեսթակի Որոշումը Վերջնական է Եւ Անփոփոխ. Պունտեսթակի Փոխնախագահ

Պունտեսթակի փոխնախագահ Եոհաննէս Զինգհամմերի համոզմամբ` Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը ճիշդ որոշում էր:

«Այո, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ մենք որոշեցինք առաջադրել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը եւ շատ երկար քննարկումներէ ետք զայն ընդունեցինք: Ըստ ինծի` ատիկա քայլ մըն էր դէպի ճշմարտութիւն, իսկ ճշմարտութիւնն ալ մէկ քայլ առաջ է դէպի խաղաղութիւն, այսինքն` սա խաղաղութեան հասնելուն միտուած քայլ էր: Արդէն շուրջ 100 տարի անցած է։ Կը կարծեմ` արդէն ժամանակն էր ատիկա ընելու: Մենք կրնանք երթալ դէպի ապագայ, եթէ յիշենք անցեալը: Ատիկա անհրաժեշտութիւն է»,- Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ «Արմենփրես»-ին յայտնած է Պունտեսթակի փոխնախագահը:

«Արմենփրես»-ի հարցումին, թէ ինչ կը կարծէ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ Թուրքիոյ արձագանգին մասին յատկապէս վերջին զարգացումներէն ետք, երբ Թուրքիան պահանջած էր Գերմանիայէն ետքայլ կատարել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտեսթակի բանաձեւէն, ան պատասխանած է. «Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ մեր կայացուցած որոշումը վերջնական է, եւ մենք պիտի չփոխենք զայն»:

Յունիս 2-­ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան դրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 101 տարի առաջ հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան եւ յիշատակի մասին» բանաձեւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին