Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան՝ «Հենրի Մորկենթաու»ի անուան ոսկեայ մետալով պարգեւատրած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, Նիւ Եորք Լայֆ (New York Life) ապահովագրական ընկերութեան դէմ ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու անունով դատ բացած եւ շահած փաստաբան, «Վարդգէս Եղիայեան» փաստաբանական գրասենեակի հիմնադիր-ղեկավար Վարդգէս Եղիայեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքը:
Հանդիպման ընթացքին ամերիկահայ յայտնի իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու իրաւունքներու վերականգնման շուրջ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ, պատմած դատական առաջին գործընթացներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
1999-ին փաստաբան Եղիայեան անակնկալ բացայայտում կատարած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի յուշագրութիւնները կարդալու ընթացքին: Օսմանեան Թուրքիոյ հպատակ հազարաւոր հայեր, մինչեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մեկնարկը, ընկերութենէն ձեռք բերած են ապահովագրութիւն, իսկ աւելի ուշ ջարդերէն մազապուրծ ընտանիքներու անդամներուն հրաժարած են յատկացնել իրենց հասանելի գումարները: Նիւ Եորք Լայֆ (New York Life) ընկերութիւնը՝ ջարդերուն զոհ գացած անձերու ժառանգներէն միայն մէկ երրորդին հատուցում տուած է:
Դեռ առաջին շահած դատէն առաջ՝ Վարդգէս Եղիայեանի միջնորդութեամբ՝ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ օրէնք ընդունուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ վաճառուած ապահովագրութիւններու փոխհատուցման կարգին վերաբերեալ:
Այնուհետեւ Եղիայեանը որոշած է հայց ներկայացնել ընդդէմ Նիւ Եորք Լայֆ (New York Life) ընկերութեան: Ան գտած է Մարթին Մարութեանը, որ պահպանած էր իր զոհուած հօրեղբօր` Սեդրակ Չէյթանեանին պատկանող Նիւ Եորք Լայֆ (New York Life) -ի ապահովագրութեան փաստաթուղթերը:
2004 թուականին դատական հայցը վերջնականապէս լուծուեցաւ 20 միլիոն տոլարի չափով հատուցում. սահմանուեցան այն քայլերը, որմով Մարութեանն ու Հայոց Ցեղասպանութեան 2400 զոհերու ժառանգները կրնային վերջապէս ստանալ իրենց գումարները, որ ապահովագրուած էր շուրջ 100 տարի առաջ: Վճիռը նաեւ կը նախատեսէր 3 միլիոն տոլար յատկացնել ինը հայկական եկեղեցիի եւ բարեգործական խումբերու: Ընդհանուր առմամբ, Վարդգէս Եղիայեանի փաստաբանական գրասենեակը, այս դատավարութեան ընթացքին, շահած է մօտ 55 միլիոն տոլար գումար, որոնք բաժնուած են ժառանգորդներու միջեւ:
Վարդգէս Եղիայեանի հարցման ընդառաջ՝ նիւեորքեան ապահովագրական կազմակերպութիւնը տրամադրած է իրենց արխիւներէն մէկուն մէջ անկիզելի կնքուած պահարանի մը մէջ գրեթէ հրաշքով պահպանուած իրենց կեանքը ապահովագրած շուրջ 40 հազար հայերու ցուցակներ, ուր կար մանրամասն տեղեկութիւն` հասցէներ, անձնական տուեալներ եւ մանրամասն նկարագրութիւն:
Ամերիկեան դատական նախադէպէն յետոյ, Եղիայեան գրասենեակը յաջողութեամբ շահեցաւ նմանատիպ դատեր նաեւ եւրոպական դրամատուներու դէմ:
Եղիայեանի, Մարութեանի եւ հայ համայնքի համար դատավարութիւնը լոկ գումարի պահանջ չէր: Անիկա ձեռքբերում մըն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու հանրային ճանաչման եւ արդարութեան պահանջի գործին մէջ:
Հոկտեմբեր 4-ին կայացած հանդիպման ընթացքին հանրութեան ներկայացուած է Սէյրանուհի Գեղամեանի «Նուիրում» փաստավաւերագրական վիպակը՝ Վարդգէս Եղիայեանի կեանքին եւ գործին մասին