Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Կերտենք Մեր Բախտը

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Սկիզբէն էին պատերազմները, անոնք խորքին մէջ հիմքն իսկ են կենդանական աշխարհի կենսաձեւը, որով բնազդը ինքզինք պիտի պարտադրէ, սահմաններ գծէ, հայրենիք հիմնէ, պաշտպանէ, որ գոյատեւէ: Մարդ արարածին պարագային՝ աւելի՛ն, քանի որ մարդ ունի յատուկ լեզու, մտածողութիւն, պաշտամունք, եւ ենթարկուողը պիտի ստիպուի հնազանդիլ ակամայ, ու այդ ակաման պիտի ըլլայ հրաբուխի նման պահուած՝ հոգիի խորքը, որ երբ տկար կողմ մը պատահի, դուրս ժայթքի ու տակն ու վրայ ընէ մինչ այդ տիրող իրականութիւնը:

Պատերազմը դառն իրականութիւն մըն է, որուն դիմաց դրուած է խաղաղութեան լոզունգը, որ աշնան տերեւներու նման դեղին, անզօր է կասեցնելու այդ հրաբուխը:

Մտացածին են բոլոր լոզունգները. հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, ազատութիւն, սէր եւ այլն, իբրեւ գաղափարախօսութիւն համամարդկային, կամ իբր լոզունգ, հագած կրօնական զգեստ:

Պատերազմներէ պէտք է խուսափիլ, քանի որ անոնք ամէն չարեաց դրսեւորումն են: Թէ ինչպէ՞ս. Որո՞ւ հարց տալ, երբ աշխարհ-զինանոց է դարձեր ու գերակայութիւնը կը չափուի… ռազմական զօրութեամբ, որը կախեալ է տնտեսականէն, եւ մրցակցութիւնը անկասելի է:

Որքան իրաւացի էր Քաջազնունին երբ կը գրէր «Աշխարհը դեռ չի խաղաղել (ու երբեք էլ չի խաղաղի):

Ուրեմն…

Պատերազմը… հոն ուր կը փլին տուներ, կը քանդուին խորաններ, նիւթական հարստութիւններու կողքին կ’անհետին բարոյական հասկացողութիւններ, հաւատք, յոյս եւ ապրելու սէր…

Յոյսը տուաւ խոյս
Լոյսը մնաց կոյր
Կանթեղն անպատրոյգ
Եւ մանուկը որբ
Որբը անեղբայր
Ու դեռ՝ առանց քոյր:
Այսպէս ցաւեր կան
Սուր, անմխիթար
Անլոյծ հանգոյցի
Աստղի տակ ծնած
Ե՛ւ անժամանակ
Ե՛ւ հրէշածին:
Ս. Արմէն

Անկասելին՝ պատերազմը, իր աւերները կը գործէ… դարերով մշակուած բարոյական հիմերը կը խախտին, անօթութիւնն ու ծայրայեղ աղքատութիւնը ինք իր լուծումով կ’ոտնակոխէ երէկն ամբողջ:

Անկասելին՝ քիչերու կու տայ փառք, ջախջախիչ մեծամասնութեան պարտք: Մեր գրականութիւնը, որ մեր կեանքն իսկ է, ուրիշ բան չ’արտայայտեր. առատ է ժողովուրդի տառապանքներով, մանրամասնութեամբ:

«Արի, գութան, վարի՛ գութան,
Օրն եկել է, ճաշ դառել,
Առը շո՛ւռ տուր, խոփիդ ղուրպան,
Օրհնեալ է Աստուած, հորովե՜լ:

…………………………………………………….

Ձեռս պակաս, ուժս հատած,
Հազար ու մի ցաւի տէր,
Ինձ են նայում մերկ ու սոված
Մի տուն լիքը մանուկներ»:
Յ. Թումանեան

Մի՞թէ հզօր տէրութիւններու մէջ գոյութիւն ունին նման իրավիճակներ ցոլացնող պատկերներ…

Այս՝ տկար ու շնչահեղձ ժողովուրդներու գոյավիճակն է… նման գրութիւններ կարելի է կարդալ տառապող ժողովուրդներու մօտ. գէթ ինծի համար յատկանշական են հնդկականները:

«Դոյզն են քո հարստութիւնները, իմ համբերատար արջնաթոյր Մայր երկիր:
Դու աշխատում ես կշտացնել բոլոր մանուկները, բայց կերակուրը քո նուազ է:
Անկատար են քո մեզ պարգեւած ուրախութիւնները»:
Ռ. Դակոր (Պարտիզպանը 73)

Եւ սակայն…
Կենաքը կը քալէ թէկուզ «մի աչքը լոյս, մի աչքը կոյր»:
(Յ. Շիրազ)

Եւ…

Մեր բախտն ա՛յն է որ, կերտենք մեր բախտը եւ անով ենք մենք միայն բախտաւոր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին