*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ելեկտրոնային մամուլէն իմացանք Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի կարեւոր մէկ յայտարարութեան մասին, ուր ան արդարացիօրէն ըսած է, թէ իր փափաքն էր, որ Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրելի Հայրենի պետութեան մարդասիրական օգնութիւնները փոխադրող օդանաւերը Հայաստան երթալ փափաքող սուրիահայերուն տեղափոխելու ծառայէին, դատարկ վերադառնալու փոխարէն:
Կարեւոր յայտարարութիւն մըն է Սրբազան հօր ըրածը, որուն մօտ պէտք է պահ մը կանգ առնել:
Սուրիահայութիւնը, ինչպէս Լիբանանահայութիւնը ատենին, արիւնագամ վիճակի մէջ է այսօր: Սուրիոյ արհաւիրքը դժբախտաբար չունի իր աւարտին տեսանելի կամ յուսալի ժամկէտ: Ցնորք է հակառակը յուսալ կամ յում պէտս գրաւականներ դնել այսպէս կոչուած իշխանութիւններու մօտալուտ յաղթանակներուն վրայ: Նման գրաւականներու վրայ դրուած յոյսը բաւականին սուղ սկսած է արժել արդէն մնացորդացին վրայ: Նայինք աշխարհատարածքին մէջ պատահած եւ պատահող զանազան օրինակներուն: Յիշենք Լիբանանի 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմը ու անոր յաջորդող անապահով տարիները, որ աւարտ չունին դեռ: Յիշենք Իրաքը, որ տակաւին «չազատագրուեցաւ»: Յիշենք այսպէս կոչուած Արաբական Գարունը…:
Մեր սուրիահայ հայրենակիցներէն ոմանք տակաւին կը յամառին հոն մնալ նման ցնորային յոյսերով: Ուրիշներ իրենց ունեցած անշարժ կալուածները հսկելու…: Հաւանաբար շատեր ալ նիւթական անկարողութեան պատճառով դժբախտաբար…:
Սիրելիներ, չկայ աւելի թանկ բան՝ քան մարդկային կեանքը: Կալուածներն ու ունեցուածքները միշտ կարելի է փոխարինել: Մարդկային կեանքը՝ երբեք: Անպէտք է եւ՝ ինկած այն իշխանութիւնը, որ չի կրնար իր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորել…:
Այս սիւնակով բազմաթիւ անգամ արտայայտուած եմ այս նիւթին մասին: Նոյնիսկ վերջերս մտահոգութիւն յայտնած, որ հակառակ ոմանց լաւատեսութեան, Սուրիոյ արհաւիրքը նոր կը սկսի…:
Փրկենք այն ինչ, որ մնացած է մարդկային սուղ կեանքէն… մնացածին համար, օր մը մենք կամ մեր զաւակները կը վերադառնան դասաւորելու…: