Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հերթական հաւաքը նուիրուեցաւ ՌԱԿ-ի 95 ամեակի տօնակատարութեան: «Թէքէեան կեդրոն»էն ներս ուրախալի տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր: Երեւանաբնակ կուսակցական երէց անդամներ հիւրաբար ներկայ գտնուեցան հաւաքին եւ անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ՝ ի տես ՌԱԿ-ի նորաստեղծ «Միրաք» շարժումի համախմբումին:
Տօնակատարութեան պաշտօնական բացումը կատարեց Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը, որ ներկայ կուսակցական ընկերներուն ծանօթացուց «Միրաք» շարժման եւ անոր ցարդ կատարած գործունէութեան: Այնուհետեւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ընկհ. Ժենի Գրիգորեան Բարսեղեանը, որ իր խօսքի մէջ վերհանեց ՌԱԿ-ի 95 ամեայ անցած ճանապարհի բեղուն եւ պատուաբեր գործունէութիւնը՝ հայրենիքի եւ հայկական գաղութներու մէջ: Այնուհետեւ օրուայ խորհուրդը փոխանցելու կարգով, խօսք առաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, որ իր ուրախութիւնը եւ խանդավառութիւնը յայտնեց «Միրաք»ի ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան առընթեր, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց ՌԱԿ-ի ծաւալած պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող գործունէութիւնը եւ հայժողովուրդինբարորութեան ու անոր շահերու պաշտպանութեան իխնդիր ունեցած ծառայութիւնը, շեշտելով, որ ՌԱԿ-ի գերագոյն նպատակը միշտ եղած է ազատական գաղափարներով առաջնորդուող, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի կերտումը: Ընկ. Պըլըխեան նաեւ կարեւորեց ներկայիս Հայաստանի մէջ ՌԱԿ-ի նոր աշխատանքային քարտէզի մը մշակման գործը, յորդորելով «Միրաք»ականներուն, որ իրենք հանդիսանան ապագայի այդ կարեւոր աշխատանքը իրագործողները, դառնալով ՌԱԿ-ի դրօշակակիրներ:
Այնուհետեւ, հանդիսութեան ներկայ գտնուող ՌԱԿ-ի երիցագոյն անդամներ, կուսակցութեան մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցող սիրելի Ընկհ. Էլիզ Բարսեղեանն ու Ընկհ. Սրբուհի Գրիգորեանը իրենց սիրտի խօսքը փոխանցեցին: Անոնք ներկաներուն յայտնեցին իրենց ապրած յուզումնալից պահերը, ի տես կուսակցութեան նոր շարժումին փարող պատանի ուսանողներու նոր սերունդին: Անոնք իրենց ջերմ խօսքերով գօտեպնդեցին «Միրաք»ի վարչական կազմին շարունակելու՝ սկսած այս կարեւոր աշխատանքը, որ պիտի երաշխաւորէ սրբութեան արժէք ունեցող մեր կուսակցութեան կենսունակութիւնը եւ պիտի հանդիսանայ անոր գոյատեւման գրաւականը: «Միրաք»ի կրտցերագոյն եւ պարտաճանաչ անդամներու ձեռամբ ծաղկեփունջ փոխանցուեցաւ յարգարժան ընկերուհիներուն, առ ի յարգանք եւ գնահատանք՝ յանուն կուսակցութեան վերելքին իրենց ունենցած նուիրումին:
Ողջոյնի խօսքերուն յաջորդեց ՌԱԿ-ի 95 Ամեակի կարկանդակի հատման արարողութիւնն ու սրտագին շնորհաւորանքներու փոխանակումը:
Այս հաւաքը առիթ եղաւ մասնաւորաբար «Միրաք»ի պատանի-ուսանողներու մտապատկերին մէջ նոր հորիզոններ բանալու. 95 ամեայ պատուաբեր գործունէութիւն ծաւալած կուսակցութեան մը ժառանգորդները ըլլալու փաստը հրճուանք առաջացուց անոնց մէջ եւ հայրենիքի ծառայութեան պարտաւորութեան գիտակցութիւնը սերմնող սկիզբ մը հանդիսացաւ:
Այս տողերուն անմիջական վկայակոչումը կրնայ հանդիսանալ «Միրաք»ի անդամներէն Սիրան Թորոսեանի կողմէ, օրուայ առթիւ, նամակով մը «Միրաք»ի վարչութեան յղած խօսքը, որ ստորեւ կը մէջբերենք՝
«Այսօր՝ հոկտեմբերի 2-ին, Թէքէեան կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի 95-ամեայ տարեդարձի արարողութիւնը: Ներկայ էինք մենք՝ «Միրաք»ի անդամներս եւ ի հարկէ ՌԱԿ-ի աւագ ընկերները: Հնչեցին ելոյթներ, որոնք նպատակ էին հետապնդում պատանիներիս հակիրճ ներկայացնելու ՌԱԿ-ի 95-ամեայ գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը: Ելոյթները թէեւ հակիրճ, բայց բովանդակալից էին: Ելոյթների մէջ կարծիքներ հնչեցին, որ ՌԱԿ-ի գործունէութեան շարունակողները կարող ենք լինել եւ մե՛նք: Յոյսով եմ, որ դա իսկապէս այդպէս կը լինի, եւ մենք նոյնպէս կը կարողանանք մեր լուման ներդնել հայրենիքի շենացմանն ուղղուած ծրագրերում: Շնորհակալ ենք ՌԱԿ-ի այն բոլոր անդամներին, որոնք ամէն կերպ օգնում են հայրենիքին եւ ցանկանում ենք, որ այդ գործունէութիւնը դեռ երկար ժամանակ կրի շարունակական բնոյթ»: