Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ը վերամուտ էր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին համար, որ իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2016-2017 կրթական տարեշրջանը:
Վարժարանիս վերանորոգուած պասքէթի դաշտին վրայ հաւաքուած ծնողներու ներկայութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, գերապատիւ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը խօսք առնելով խնդրեց Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ բոլորելու համար դպրոցական նոր տարեշրջան մը: Ան ըսաւ, որ բոլորս՝ ծնողք, տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ կոչուած ենք բարձր պահելու այս հայկական կրթօճախը, ուր ուսման կողքին կը զօրանայ նաեւ աշակերտին հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ: Գերապատիւ հայրը ողջունեց Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին եւ ուսուցիչները, որոնք միասնաբար կ’աշխատին մանանեխի հատիկը ցանելու աշակերտներուն միտքին մէջ, որպէսզի յետագային անոնց յաջողութեան պտուղը քաղեն ու հպարտանան:
Տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, ի մասնաւորի նորեկ աշակերտներուն, որոնք շուտով իրենք զիրենք տան մէջ պիտի զգան այս վարժարանէն ներս: Ան իր խօսքին մէջ «բարի եկաք»ի յատուկ խօսք ուղղեց նախակրթարանի շարքերուն նոր միացած Ա. կարգի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց պետական քննութեանց հարիւր առ հարիւր յաջողութիւն արձանագրած նախորդ տարուան Պրէօվէյի (Brevet) աշակերտները, մաղթելով որ անոնք այդ մէկը խթանիչ ուժի վերածելով նոյն յաջողութեամբ շարունակեն երկրորդականի հանգրուանը: Տիկ. Պոյաճեան յաջողութիւն մաղթեց նաեւ 12-րդ կարգի աշակերտներուն՝ իրենց դպրոցական կեանքի աւարտական հանգրուանին մէջ: Վերջիններս, իրենց մաղթանքները միացնելով տնօրէնուհիին, եռագոյն փուչիկներ արձակեցին դէպի կապոյտ երկինքը:
Դպրոցական առաջին օրը խանդավառութեամբ սկսելու համար, մթնոլորտը նուագով ու պարով ճոխացուցին «Danzaholic Parade»ը:
Մաղթենք որ նոր թափով սկիզբ առած Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 30-ամեակի տարեշրջանը ունենայ հեզասահ ընթացք եւ յաջող աւարտ մը, ու ապահովէ այս հայաշունչ կրթօճախին երթը դէպի նորանոր ամեակներ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ