Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Աքշեհիրի Հայկական Եկեղեցին Շտապ Վերանորոգութեան Կարիք Ունի

Տարիներ շարունակ Աքշեհիրի հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման հարցով ոչ մէկ զարգացում կայ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ թրքական «İstasyon Gazetesi» պարբերականը:

Աղբիւրը կ’ընդգծէ, թէ հարկ է վերանորոգել 19-րդ դարուն Աքշեհիրի մէջ հայկական համայնքի կողմէ կառուցուած սոյն եկեղեցին, որ յետագային ժամանակ առ ժամանակ օգտագործուած է նաեւ իբրեւ մշակութային ձեռնարկներու վայր:

Եկեղեցւոյ պատերուն կան բազմաթիւ գրութիւններ, իսկ դուռն ու պատուհանները կոտրուած են եւ կառոյցը ամբողջովին աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի: Բացի այդ, եկեղեցւոյ բակը բացուած է դպրոց մը, ուր յետոյ եկեղեցին վերածուած է աղջիկ ու տղայ աշակերտներու հանդիպման վայրի:

Թէեւ յաճախ խոստումներ տրուած են, որ սոյն պատմական եկեղեցին պիտի վերականգնուի, սակայն այդպէս ալ որեւէ աշխատանք չէ կատարուած` անոր վերանորոգման ուղղութեամբ: Եկեղեցւոյ վերաբերեալ վերջին անգամ 2014 թուականին յայտարարութիւն եղած է, որ հաստատուած էր այս պատմական կառոյցի վերականգնման նախագիծը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին