Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հայ Ցանցահէնները Ատրպէյճանցի 1200 Սպաներու Անձնական Տուեալները Հրապարակած են

Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ տարեդարձի օրը հայ ցանցահէնները ազրպէյճանական շարք մը կայքէջերու վրայ յարձակում գործած են: Անոնք, ազրպէյճանական որոշ կայքէջերու վրայ զետեղած են Հայաստանի դրօշը պատկերող նկար եւ շնորհաւորական ուղերձ՝ «Տօնդ շնորհաւո՛ր, Հայաստան»:

«Մոնթէ Մելքոնեան» համացանցային բանակի Ֆեյսպուքի էջին վրայ ալ հրապարակուած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն` խումբին կողմէ կատարուած գործողութիւններու ընթացքին ձեռք ձգուած է ազրպէյճանցի 1200 սպաներու անձնական տուեալները, ներառեալ՝ անձնաթուղթեր եւ հեռաձայնի թիւեր, բնակութեան հասցէներ եւ անձնական այլ տուեալներ:

Խումբին մէկ այլ գործողութեամբ ալ ձեռք ձգուած է ազրպէյճանական դրամատուներէն մէկուն յաճախորդներու տուեալներու շտեմարանը, որ կ՚ընդգրկէ շուրջ 10.000 հոգիի անձնական տուեալները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին