Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 97-րդ Տարեժողովը պիտի պատուէ Ալպերթ Մոմճեանը (յետ մահու), Սէթ Մոմճեանը եւ Վեր. ԴոկտՃան Մարգարեանը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) իր տարեկան համաժողովի ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6։00ին Ֆիլատելֆիոյ Մարիյոթ Ուեսթ (Philadelphia Marriott West) , պանդոկին մէջ, պիտի պատուէ երեք պատկառելի անձնաւորութիւններ՝ Ալպերթ Մոմճեան (յետ մահու), Սէթ Մոմճեան եւ Վեր. Դոկտ. Ճան Մարգարեան, Հայ ժողովուրդի մատուցած իրենց երկար տարիներու հաւատարիմ ու նուիրեալ ծառայութեան համար։ ԱՀԱԸ-ի այս տարուան համաժողովի բնաբանը պիտի ըլլայ Հաւատարիմ Մեր Ժառանգութեան։

Union League Member
Ալպերթ Մոմճեան

Տիար Ալպերթ Մոմճեան, որ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ 11 Յուլիս 2016-ին, երկար տարիներ ԱՀԱԸ-ին ծառայած է, որպէս Վարչական Խորհուրդի եւ այլ յանձնաժողովներու անդամ, ինչպէս նաեւ որպէս Վարչական Խորհուրդի Նախագահ։ ԱՀԱԸ-ի պատուանդանին վրայ Պրն. Մոմճեանի ներկայութիւնը, անոր երկար տարիներու անշահախնդիր եւ իմաստուն ղեկավարութիւնը, զոհաբերեալ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը, կեդրոնացած եւ ուղիղ ուշադրութիւնը, անհաշուելի անհատոյց մասնագիտական ծառայութիւնները եւ անոր անսահման Քրիստոնէական սէրը, մեծապէս նպաստած են ԱՀԱԸ-ի վերջին տարիներու պատմութեան։

Երկար տարիներ Տիար Սէթ Մոմճեան բացառիկ ծառայութիւն մատուցած է Միացեալ Նահանգներու Հայ գաղութին ։ Քրիստոսի եւ մարդկութեան հանդէպ անոր ունեցած սէրը մղած է զինք մեր Հայ ազգային մտահոգութիւնները հասցնել մինչեւ Սպիտակ Տուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական ամենաբարձր մակարդակներու։ Անոր ծառայութիւնը, որպէս Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին, որպէս Սպիտակ Տան ներկայացուցիչ՝  Ժընէվի մէջ կայացող Մարդկային Իրաւունքներու Յանձնաժողովին եւ անոր ջերմեռանդ պայքարը, որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մեծապէս գնահատուած է իր ժողովուրդին կողմէ։

1955-ին ԱՀԱԸ-ը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն Միութեան հետ գործակցաբար հիմնած է Հայկազեան Համալսարանը, (նախապէս Գոլէճ) Պէյրութի մէջ։ Վեր. Դոկտ Ճան Մարգարեանի  առաջնորդութիւնը, որպէս հիմնադիր Նախագահը այս թանկարժէք կրթական հաստատութեան, միակ Հայ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը արտերկրի մէջ, հսկայ դեր ունեցած է այս ուսումնական փարոսին մեծ յաջողութեան, սերունդներ զարգացնելով եւ պատրաստելով առաջնորդներ ու հմուտ մասնագէտներ, որոնք այսօր կը ծառայեն ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութներուն մէջ, այլեւ աշխարհի չորս կողմը։

ճաշկերոյթի հանդիսավարն է Տիար Մարք Մոմճեան։ Պրն. Մոմճեան շրջանաւարտ է Գոլումպիա համալսարանի Իրաւաբանական բաժինէն եւ ծառայած է Հայ-Ամերիկեան Համագումարին, ԱՀԱԸ-ի, ինչպէս նաեւ Հայ Քոյրերու Վարժարանի Վարչական Խորհուրդներուն մէջ։ Վերջին չորս տարիներուն ան կը ծառայէ Ճինիշեան Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Խորհրդատուներու ժողովին, որպէս անդամ։

Set Momjian
Սէթ Մոմճեան

ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ երգչուհի Անուշ Աւետիսեան։ Աւետիսեան, ֆիլատելֆիայի Academy of Vocal Arts-ի մէջ երրորդ տարուայ մասնագիտացող արուեստագիտուհի է. Ան հանդէս եկած է Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի բեմերէն։

ԱՀԱԸ-ի 97-րդ Տարեժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Հէվըրթաունի Հայ Մարտիրոսաց Ժողովական Եկեղեցիին մէջ (100 N. Edmonds Ave, Havertown, PA):   Ներկաները առիթը պիտի ունենան քննարկելու Ընկերակցութեան անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր ելեւմտական տեղեկագիրը։

12
Դոկտ Ճան Մարգարեան

Տարեժողովի Պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Հէվըրթաունի Հայ Մարտիրոսաց Ժողովական Եկեղեցիին մէջ։ Պաշտամունքի ընթացքին ներկաները առիթը պիտի ունենան փառաբանելու զԱստուած ԱՀԱԸ-ի  ու անոր աշխարհասփիւռ գործունէութիւններուն համար։ Ներկաները նաեւ վայրկեան մը յոտնկայս պիտի յիշեն Ընկերակցութեան այն բոլոր անդամները, որոնք անցնող տարեշրջանին աւարտած են իրենց կեանքի ընթացքը եւ միացած յաւիտենականութեան։ Պաշտամունքի աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Վարչական Խորհուրդի նոր անդամներու պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը։

Անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ 97-րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթին, կրնան կապ հաստատել ԱՀԱԸ-ի Կեդրոնատեղի, հեռ. 201.265.2607։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ ԱՀԱԸ-ը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ հայրենիքի եւ արտերկրի քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸ-ի  կայքէջը www.amaa.org, կամ ուղղակի կապ հաստատել ԱՀԱԸ-ի կեդրոնին հետ – 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652, հեռ. 201.265.2607, ի-մէյլ – info@amaa.org.

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին