Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Մասնակցութիւնը՝ նախադրեալն Է ԵՌԱԿ-ը ՌԱԿ-ի Բոլոր Շրջանակներուն Կոչ Կ’ընէ Աշխոյժ Մասնակցութիւն Ապահովելու

Հայ հասարակութեան  իրականութեան, յատկապէս սփիւռքի եւ Հայաստանի մեջ, օր ըստ օրէ աճող լուրջ իրադարձութիւններու եւ առկայ հետեւանքներու լոյսին տակ, ԵՌԱԿ-ը (Երիտասարդ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն), իր գործունէութիւնը ընդլայնելու միտքը կը բաժնէ ՌԱԿ-ի շրջանակներուն հետ, որպէսզի ՌԱԿ-ը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով աւելի գործօն ներկայութիւն ունենայ հայ հասարակական կեանքի ծրագրուած առաջընթացին։

Այս ձգտումի հրամայականը ի մտի ունենալով՝ ԵՌԱԿ-ի յանձնախումբի ընթացիկ 6-րդ ժողովը որոշած է, ՌԱԿ-ի բոլոր շրջանակներու երիտասարդներուն խրախուսել աւելի գործօն կերպով մասնակցելու ԵՌԱԿ-ի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերականգնելու իրենց շրջանային մասնակցութիւնը՝ ,երիտասարդ կուսակցականներով մասնակից դառնալու կուսակցական գործունէութեանց։

«Նպաստ՝ մասնակցութեամբ» կարգախօսին առաջատար շունչով, ԵՌԱԿ-ը կը շարունակէ իր գործունէութեան սկզբնական փուլը՝ արդէն ստեղծելով միջազգային կառոյցի ներածականը, շեշտը դնելով ՌԱԿ-ի սերնդափոխ «մշակոյթի» մը ներածումին:

Պէտք է նշել, որ ԵՌԱԿ երիտասարդական խմբաւորումը հանդիսաւորապէս գոյացաւ Երեւանի մէջ գումարուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովի ծիրէն ներս ԵՌԱԿ-ի հիմնադիր համաժողովին՝ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան օրհնութեամբ վերակենդանացնելու եւ աշխուժացնելու երիտասարդութեան ներկայութիւնը ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցներուն մէջ, նպատակասլաց մասնակցութիւն ունենալու Հայաստան-Սփիւռք կամրջող աշխատանքներու քննարկման եւ ամրապնդման:

ԵՌԱԿ-ի առաքելութիւնը առաջին հերթին կուսակցութեան երիտասարդ տարրին ներգրաւուածութիւնը երաշխաւորելն է՝ տեղեկատուական իրազեկութիւն ստեղծելով, երիտասարդական համախմբումներ կազմակերպելով, ինչպէս նաեւ համացանցային երկխօսութիւն ձեւաւորելով։

ԵՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ այսօր հայ երիտասարդը հասարակական, մշակութային, նոյնպէս ընկերա-քաղաքական բնագաւառներու մէջ գործօն կերպով ներկայացուած եւ պէտք է ըլլայ:

ԵՌԱԿ-ը նաեւ կը հաւատայ, որ Երիտասարդը՝ համալսարանական թէ արհեստավարժ, ժամանակակից մտայնութեամբ, աշխուժութեամբ եւ ընդունակութեամբ շատ աւելի շինիչ լուծումներ եւ ներդրում կրնայ  ապահովել մեր ներ-համայնքային հարցերուն ստեղծելով համասփիւռքեան վերելքին եւ համայնքային ղեկավարման բարելաւում:

Առաջացնելով երիտասարդ կառոյցներ, ԵՌԱԿ-ը շինիչ խնդրանքով կ’առաջարկէ ՌԱԿ-ի շրջանակներուն, որ իւրաքանչիւր շրջանակ առաջադրէ երիտասարդ թեկնածու մը ԵՌԱԿ-ի գործադիր համախմբման, որպէսզի աւելի ընդլայնուած գործունէութիւնը երաշխաւորուի:

ԵՌԱԿ-ը ներկայիս մօտ 9 երկիրներու մէջ ներկայութիւն եւ կազմակերպչական ցանց ծաւալած է.  չսահմանափակուելով՝ Հայաստանի, Արցախի, Արժանթինի, Երուսաղէմի, Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի մէջ՝  շատ մեծ քաջալերութեամբ նաեւ ստացած է ՌԱԿ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ երիտասարդներու մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը , որ պիտի ապահովէ ԵՌԱԿ-ի կազմաւորման հանգրուանէն, երկրորդ՝ գործնական փուլին անցնիլը:

Ձգտումներու այս աշխուժութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ ԵՌԱԿ-ի խօսքը կը փոխանցուի ՌԱԿ-ի շրջանակներուն փոխկապակցուած յաջողութիւններու նպատակներով, որպէսզի այսօրուան ՌԱԿ-ը կարենայ հայ հասարակութեան յառաջընթացին իր յանձնառութիւնը շարունակել ՝ ՌԱԿ-ի երիտասարդութեան ներդրումով ու մասնակցութեամբ:

ԵՌԱԿ Համաշխարհային Վարչութիւն

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին