Անտեան խորհրդարանը, որ հարաւային Ամերիկայի Անտեան երկիրներու (Չիլի, Պոլիվիա, Փերու, Էքուատոր եւ Քոլոմպիա) Համայնքի ղեկավար մարմինն է, միաձայն ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Prensa Armenia-ն։
Խորհրդարանի նիստը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 17-ին Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ:
Նախագիծը հեղինակած է Անտեան խորհրդարանի Էքուատորի ներկայացուցիչ Փետրօ Տէ Լա Քրուզը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 2016-ի Ապրիլ 24-ին 101-րդ տարելիցն էր հայ ժողովուրդի դէմ իրականացած Ցեղասպանութեան, որ իրագործուած է 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ խլած 1,5 միլիոն մարդու կեանք:
Բանաձեւը կը շեշտէ.
- Դատապարտել տարբեր համայնքներու եւ ժողովուրդներու դէմ իրականացած միջազգային յանցագործութիւնները, մարդկութեան դէմ իրականացած յանցագործութիւնները, Ցեղասպանութիւնը եւ յարձակման յանցագործութիւնները,
- Ճանչնալ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ համերաշխութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին եւ անոնց ժառանգներուն, որոնք ողջ աշխարհի վրայ կը կազմեն հայկական համայնքը: Դատապարտել որեւէ ժխտողական քաղաքականութիւն` ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրականացած մարդկութեան դէմ յանցագործութեան:
- Յորդորել միջազգային հանրութիւնը կիրառել ՄԱԿ-ի ընդունած սկզբունքը, որ կ՛ենթադրէ պաշտպանել քաղաքացիները ցեղասպանութիւններէ, մարդկութեան դէմ իրականացուող յանցագործութիւններէ եւ մարդու իրաւունքներու որեւէ կոպիտ խախտումներէ, ձեռնարկել միջոցներ որպէսզի հնարաւոր ըլլայ տարբեր համայնքներ, ժողովուրդներ ու ազգեր փրկել բռնութեան հետեւանքով յառաջացած տառապանքէն:
Բանաձեւը կը յորդորէ միջազգային հանրութեան ճանչնալ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ եւ աջակցիլ ճշմարտութեան ու արդարութեան փնտռտուքին: