Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Անթոյլատրելի Է». Քիմ Քարտաշեանի Յօդուածը New York Times–ի Մէջ

Անցեալ Շաբաթ օրուան «Նիւ Եորք Թայմզ» (New York Times) թերթի մէջ տպագրուած է Քիմ Քարտաշեանի յօդուածը, որուն միջոցով ան «յարձակած է» «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնալ» (Wall Street Journal) թերթին մէջ նախապէս տեղ գտած՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պատահած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու մասին թրքամէտ յօդուածի մը վրայ:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը անթոյլատրելի է» վերնագրուած Քարտաշեանի յօդուածին մէջ նշուած է.

«Ես ու իմ ընտանիքը քաջ ծանօթ ենք այն յիմարութիւններուն, որ մամուլի մէջ կը գրեն մեր մասին: Բայց երբ ես իմացայ, որ Wall Street Journal –ի ամբողջ էջ մը նուիրուած է նման յօդուածի մը, ես չէի կրնար անտարբեր մնալ: Այդ սուտերը կ՛ապահովեն լաւ վերնագիրներ, իսկ լաւ վերնագիրները` լաւ վաճառք: Այդ յօդուածին համար վճարած ու զայն առաջ մղած է համացանցի մէջ թրքական հարթակը, որուն անունը չեմ ուզեր տալ, զինք չգովազդելու համար: Անոնք կը վստահեցնեն, որ այդքան ալ շատ հայեր չեն զոհուած եւ որ այդպիսի ողբերգութիւն չէ եղած: Եւ ամենակարեւորը անոնք կը վստահեցնեն, որ հայերը իրենք են մեղաւորը: Շատ տխուր է, որ Wall Street Journal–ը այսպիսի բան կը տպագրէ, քանի որ նման բան կրնար միայն փողոցային թերթ մը տպագրել: Ամսագիրը կը վստահեցնէ, որ իրենք այդ յօդուածը տպագրած են գովազդի էջի վրայ, իսկ այդ էջին համար կ՛ընդունուի որեւէ տեղեկութիւն, նոյնիսկ սադրիչ բնոյթի: Բայց սեփական էջերու վրայ այդպիսի յօդուած զետեղելը, յօդուած երկրէ մը, որ կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, անպատասխանատու եւ անբարոյական արարք է: Շատ պատմաբաններ վստահ են, որ եթէ Թուրքիան ժամանակին պատասխան տար Ցեղասպանութեան համար, Հոլոքոսթ չէր ըլլար: Հիթլերը մինչեւ Լեհաստան ներխուժելը ըսած էր. «Հիմա ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:

Մենք կը յիշե՛նք, մենք պէտք է խօսինք այդ մասին, մինչեւ մեր կառավարութիւնն ալ ճանչնայ զայն: Ժխտելով անցեալը մենք կը վտանգենք ապագան` մենք մեզ կը լռեցնենք դրամով ու վախով եւ երախաներուն կը սորվեցնենք, որ ճշմարտութիւնը յարաբերական է: Մենք պէտք է պատասխանատւութիւն ստանձնենք անոր համար, ինչ կը սորվեցնենք մեր երախաներուն: Մենք պէտք է յարգենք պատմական ճշմարտութիւնները, այդպէ՛ս մենք կը պաշտպանենք մեր ապագան», գրած է Քիմ Քարտաշեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին