*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Խայտառակութեան մէջ ալ ինքզինք գերազանցելու երեւոյթ կայ եղեր: Լիբանանի աղբերու տագնապի նախկին ռաունտին խայտառակութիւնը՝ եթէ «ՍԻ ԷՆ ԷՆ»-ի նկարահանած «աղբերու գետն» էր, ապա ներկայինը առանց մրցակիցի կը հանդիսանայ՝ նկարին մէջ երեւցող «աղբերու կամուրջը»…:
Այս աղբերու կամուրջը Նահր Մոթի մայրուղին Սիթի Մոլի կողքով ծովափնեայ ճամբուն կապող կամուրջն է, որ այս օրերուս նաեւ կը ծառայէ որպէս… աղբերու շտեմարան…:
Այո սիրելի ընթերցող, բառին բուն իմաստով աղբերու շտեմարան, որուն դրացնութեամբ շատ մը քաղաքացիներ ամէն առաւօտ եւ երեկոյ դէպի իրենց գործատեղիները կամ բնակարանները կ՛ուղղուին…:
Ի տես այս երեւոյթին հայհոյանքն ալ քիչ է, որմէ խուսափելու համար այսօր աւելի չեմ գրեր:
Վաղը կը հանդիպինք: