Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Ֆրանսահայերը Կը Քննադատեն Ժխտողականութեան Մասին Ծերակոյտի Յանձնաժողովի Որոշումը

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի յատուկ յանձնաժողովին կողմէ ընդունուած Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին օրէնքի 38-­րդ յօդուածին մէջ կատարուած փոփոխութիւններու առնչութեամբ: Նշուած յօդուածը ուղղուած է մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտման դատապարտման:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը` վկայակոչելով «Nouvelles d’Armenie»-­ն, նշուած յօդուածը ուղղուած է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտողականութեան դէմ: Յանձնաժողովի ընդունուած փոփոխութիւններով կասկածի տակ կը դրուի ժխտողականութեան դէմ ընդունուող օրէնսդրութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս քայլը յառաջացուցած է նաեւ շարք մը ֆրանսացի օրէնսդիրներու դժգոհութիւնը, քանի որ 38-­րդ յօդուածի դրոյթները Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած էին միաձայն:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը յիշեցուցած է, որ Փէրինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ գործին մէջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ընդունած է հակաժխտողական օրէնսդրութեան ընդունման հնարաւորութիւնը, եթէ այդ ժխտողականութիւնը հրահրէ ատելութիւն եւ բռնութիւն: Միաժամանակ կը շեշտուի, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը 2016-­ի Յունուար 8-­ի որոշումով հաստատած է հրէաներու ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը դատապարտող «Կեյսոյի օրէնք»-ի սահմանադրականութիւնը` վերջ դնելով յիշողութեան վերաբերեալ օրէնքներու ընդունման հնարաւորութեան հարցին:

«Այս օրէնսդրութեան համար անհրաժեշտ են առաւել խորացուած իրաւական աշխատանքներ, որոնք պէտք է կատարուին այն կառավարութեան կողմէ, որ նախաձեռնած է այս օրէնսդրութիւնը: Ծերակոյտը չի կրնար փոխզիջումի երթալ եւ ենթարկուիլ ազգայնականներու եւ հակաժողովրդավարական ուժերու կողմէ վերահսկուող թրքական կառավարութեան ճնշումներուն: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կոչ կ’ընէ Ծերակոյտին վերականգնելու այս օրէնսդրութիւնը այն համաձայնութեան մթնոլորտին մէջ, որ կը տիրէր Ազգային ժողովին մէջ»,-­ նշուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին