Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Միացեալ Նահանգներ $450.000 Յատկացուցած է Մեղրիի Սբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Պահպանութեան

ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Մ. Միլս Կրտսերը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Յասմիկ Պօղոսեանը Սեպտեմբեր 16-ին ստորագրած են յուշագիր, որով պէտք է իրականացուի Մեղրիի Սուրբ Սարգիս միջնադարեան եկեղեցւոյ պահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ եւ բացառիկ որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքները, կը հաղորդէ «panarmenian.net»-ը:

«Մեր կողմէ տրամադրուող գումարները այն արժէքներու պահպանման համար են, որոնք անգին ժառանգութիւն են ոչ միայն տուեալ երկրի, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան համար: Պահպանութեան, վերականգնման աշխատանքներու իրականացման համար ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը կը յատկացնէ $450.000»,- նշած է դեսպան Միլսը:

Մեղրիի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին 17-րդ դարու ինքնատիպ կառոյց է` Միջին Արեւելքի ու Կովկասի մէջ որմնանկարներու եզակիութեամբ առանձնացող:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ ֆինանսաւորումը կ՛իրականացուի ԱՄՆ դեսպանի մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի կողմէ (AFCP):

Սա 2005-էն սկսեալ 10-րդ եւ ամենամեծ դրամաշնորհային ծրագիրն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին